Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան նախագահ Ռապիհ Պանաթը: Քննարկուեցան Ղովմի կուսակցութեան եւ Ամալ շարժումին միջեւ յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պանաթ յայտնեց, որ Դիմադրութեան զօրակից քաղաքական ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են:
Ան հաստատեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կայացնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Պըրրիի հետ քննարկած են քուէյթեան նախաձեռնութիւնը եւ հաստատած, որ իրենք կը մերժեն որեւէ կէտ, որ Դիմադրութեան զէնքին կը դպչի:
Պանաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործակցելու թղթածրարը` ընդգծելով, որ իրենք համոզուած են, որ Միջազգային դրամական ֆոնտէն բացի այլընտրանքներ գոյութիւն ունին: