Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանանին Կը Յանձնէ Լիբանանի Եւ Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Վստահութիւնը Վերահաստատելու Յուշագիր Մը

January 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ահմետ Նասեր Մոհամետ Սապահ շաբաթ երեկոյեան երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի կողմէ:

Շաբաթ երեկոյեան Սապահ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի ողջունեց Սապահի Լիբանան այցելութիւնը` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի նկատմամբ եղբայրական եւ մտերմիկ զգացումներու արտայայտութիւնն է, ինչպէս նաեւ կ՛արտացոլէ Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ վստահութեան եւ փոխըմբռնումի երկարատեւ պատմութիւն մը:

Վարչապետ Միքաթի բարձր գնահատեց Քուէյթի իշխանութիւններուն կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան կը փափաքի իր յարաբերութիւնները ամրապնդել Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին հետ:

Սապահ դարձաւ Միքաթիի ընթրիքի հիւրը: Երէկ առաւօտեան Սապահ ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:

Նախագահ Աուն Սապահին յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ողջունէ որեւէ քայլ, որ կը միտի Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել` հիմնուելով Լիբանանի եւ արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու Լիբանանի յանձնառութենէն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սապահին` Քուէյթի նախաձեռնութեան համար, եւ բարձր գնահատեց լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ նախաձեռնութիւնը արաբական, Ծոցի երկիրներու եւ միջազգային զօրակցութիւն կը վայելէ եւ կը նպատակադրէ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ վստահութիւնը վերահաստատել:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կարեւոր կը նկատէ Թաէֆի համաձայնագիրը, միջազգային բանաձեւերը եւ արաբական որոշումներու գործադրութիւնը եւ կը հսկէ լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները ամուր պահելու:

Սապահ նախագահ Աունին յայտնեց Քուէյթի զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ իր այցելութիւնը կը զուգադիպի Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 60-ամեակին, ինչպէս նաեւ Քուէյթի ազատագրման 30-ամեակին:

Սապահ նախագահ Աունին ներկայացուց 15 կէտերէ բաղկացած յուշագիր մը, որուն նպատակն է Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ վստահութիւնը վերահաստատել:

Ան նշեց, որ Լիբանանին տրամադրուած նախաձեռնութիւնը քուէյթեան, Ծոցի երկիրներու, արաբական աշխարհի եւ միջազգային յուշագիրի ձեւով կը ներկայանայ:

Ան վերահաստատեց, որ Քուէյթ լիբանանեան ներքին հարցերուն չի փափաքիր միջամուխ դառնալ, ինչպէս նաեւ կը փափաքի, որ Լիբանան այլ երկիրներու հարցերուն միջամուխ չդառնայ:

Սապահ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային եւ միջազգային մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանային անոր դրացիներուն ու միջազգային ընտանիքին միջեւ վստահութեան վերահաստատումը:

Սապահ հաստատեց, որ Ծոցի երկիրները բնաւ միջամուխ չեն ըլլար լիբանանեան ներքին հարցերուն` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն հանդէպ զօրակցութիւնը առկայ է, Լիբանան պէտք է շարունակէ ինքզինք զերծ կացուցել շրջանի տագնապներէն, ինչպէս նաեւ ան պէտք է պահպանէ իր ապահովական կայունութիւնը, որպէսզի մնայ հզօր, որովհետեւ անոր զօրութիւնը ամբողջ արաբական աշխարհին զօրութիւնը կը նկատուի:

Կիրակի կէսօրին Սապահ այցելեց լիբանանցի իր պաշտօնակիցին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պու Հապիպ եւ Սապահ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձան իրենց քննարկումներուն` կատարելով շարք մը յայտարարութիւններ:

Պու Հապիպ բարձր գնահատեց Քուէյթի իմաստութիւնը եւ համախմբող դերակատարութիւնը` նկատել տալով, որ Քուէյթ հաստատած է, որ ինք յաւելուած արժէք է` արաբական խորքային առումով:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան քաջ գիտէ, թէ Քուէյթ արաբական աշխարհին մէջ երկխօսութեան կամուրջներ հաստատող երկիր է:

Իր կարգին, Սապահ յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ Լիբանան իւրայատուկ երկիր է եւ պէտք է յանձնառու մնայ շրջանային տագնապներուն չմիջամտելու իր կեցուածքին:

Սապահ շեշտեց, որ Պէյրութ իր այցելութիւնը մաս կը կազմէ միջազգային այն ջանքերուն, որոնք ի գործ կը դրուին Լիբանանի հանդէպ վստահութիւնը վերահաստատելու:

Սապահ յայտնեց, որ ինք Լիբանանին յանձնած է նամակ մը, որ կ՛ընդգրկէ երեք պատգամներ. ա) Լիբանանցի ժողովուրդին զօրակցութիւն, բ) Կը մերժենք, որ Լիբանան վերածուի արաբական կամ Ծոցի երկիրներուն դէմ յարձակելու մարտկոցի մը, եւ գ) Լիբանան պէտք է յանձնառու մնայ իր խոստացած բարեկարգումները գործադրելու:

Սապահ նշեց, որ Քուէյթ կը փափաքի, որ Լիբանան ըլլայ հզօր եւ կարենայ գործադրել միջազգային ընտանիքին իր կատարած խոստումները` աւելցնելով, որ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդը կը զօրակցի Լիբանանին:

Նշենք, որ Սապահ այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Սապահ Մաուլաուիին յանձնեց Ծոցի երկիրներուն յղած նամակը, որուն մէջ նշուած են այն քայլերը, որոնք Լիբանանին կողմէ պէտք է առնուին` տարակարծութիւնները լուծելու համար:

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Սապահ Լիբանանի իշխանութիւններէն պահանջած է նախանձախնդիր մնալ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն գործադրութեան, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

 

 

 

 

Նախորդը

Հարիրի Այսօր Կը Յայտարարէ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասին Իր Պաշտօնական Կեցուածքը

Յաջորդը

Այսօր` Կառավարութեան Նիստ, Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Առցանց Բանակցութիւններ Եւ Հարիրիի Պաշտօնական Կեցուածք

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.