Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ. Համիէ Պաթիսթէն Իմացաւ Ֆրանսայի Համաձայնութիւնը Լիբանանի Տրամադրուելիք Հանրակառքերու Նուիրատուութեան Մասին

January 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակից Ժան Պաթիսթի հետ` ներկայութեամբ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք հանրակառքերու նուիրատուութիւնը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստը եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը բարգաւաճեցնելու ու գնացքի դրութիւնը վերակենդանացնելու կարելիութիւնները:

Պաթիսթ Համիէն տեղեակ պահեց, որ Ֆրանսա հանրակառքեր պիտի նուիրէ Լիբանանին` աւելցնելով, որ անոնք քանի մը փուլով պիտի կատարուին նկատի ունենալով հանրակառքերուն թիւը:

Հանդիպումին աւարտին Պաթիսթ յայտնեց Լիբանան իր այցելութեան հաւանականութիւնը` շարունակելու համար Համիէի հետ իր քննարկումներն ու գործակցութիւնը համադրելու կարելիութիւնը:

Միւս կողմէ, Համիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր նշանակումէն ի վեր սկսած է սուրիական իշխանութիւններուն հետ քննարկել տարանցիկ դրութեան կարելիութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանցի երկրագործներուն վրայ:

«Մօտիկ ապագային պիտի յայտարարենք լիբանանցի երկրագործները հետաքրքրող կարեւոր նուաճումի մը մասին», ըսաւ Համիէ` աւելցնելով, որ Լիբանանէն արաբական աշխարհ տանող միակ ելքը Սուրիան է:

Նախարարութեան իրագործած որոշ աշխատանքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Համիէ յայտնեց, որ Լիբանանի ամբողջ պատմութեան ընթացքին չէ պատահած ձմրան եղանակ մը, որուն ընթացքին ճամբաներն ու մայրուղիները տեղատարափ անձրեւուն ջուրերով չողողուին, բացի այս տարուընէ: «Նախարարութիւնը ստանձնելէս անմիջապէս ետք նախաձեռնեցինք կոյուղիներու մաքրութեան եւ լաւապէս հսկեցինք այդ աշխատանքին», հաստատեց Համիէ:

Ան աւելցուց, որ իր նպատակն է Պէյրութի նաւահանգիստը առաջուան նման եւ ինչու չէ նաեւ աւելի լաւ կացութեան վերադարձնել` աւելցնելով, որ Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան նպատակը Պէյրութի նաւահանգիստին կառուցման եւ յառաջիկայ տարիներու դերակատարութեան մասին միտքեր գոյացնել է:

 

Նախորդը

Միջազգային Բարգաւաճման Ամերիկեան Գործակալութիւնը 40 Միլիոն Տոլարի Յաւելեալ Մարդասիրական Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Լիբանանցիներուն

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի. «2022-ի Պետական Ամավարկը Նոր Տուրքեր Չի Պարտադրեր»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.