ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7250 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 23.500 լ. ոսկիի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղներուն սակը նուազած է 3000 լ. ոսկիով, մազութի թիթեղին սակը սղած է 20.400 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը սղած է` 12.500 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի սակն է` 355.200 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 366.600 լ. ոսկի, մազութը` 335.200 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 283.600 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կրթական մարզին վերաբերող հարցերը: Հալապի յայտնեց, որ Լիբանանի յղուած արաբական յուշագիրին պատասխանը կը պատրաստուի` աւելցնելով, որ այդ առումով հարցեր չկան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ Իրանի դերակատարութիւնը գերակշիռ է: Ան պահանջեց Լիբանանի գերիշխանութիւնը` լիբանանեան բոլոր կառոյցներուն վրայ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը, որուն հիմքերը զետեղուած էին հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի օրերուն, եւ որ Հըզպալլայի կողմէ մերժուած էր:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` Լիբանանի յղուած քուէյթեան յուշագիրին միացեալ կեցուածքով մը ներկայանալու առումով: