ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1665 վարակուածներ եւ մահացած 12 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը հասաւ 24.000 լ. ոսկիի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Լիբանան իր համայնքային կազմուածքով պատմութեան ընթացքին միշտ ալ արաբական եւ շրջանային տագնապներու կռուախնձոր եղած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ չի յանդգնիր Հըզպալլային դէմ դնելու` աւելցնելով, որ Հարեթ Հրէյքի դէմ անոր ուղղած նետերը թուղթէ նետեր են, եւ անոնց շուրջ նախապէս համաձայնութիւն գոյացած է: