Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Այսօր Կը Յայտարարէ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասին Իր Պաշտօնական Կեցուածքը

January 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պատկերասփռուած ճառով մը պիտի յայտարարէ իր պաշտօնական կեցուածքը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին:

Միւս կողմէ, Հարիրի շաբաթավերջին ընդունեց շարք մը պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցաւ Պըրրի-Հարիրի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի եւ Հարիրիի խորհրդական Հանի Համմուտի:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Հարիրի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Շաբաթ յետմիջօրէին Հարիրի ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ շաբաթ գիշեր Հարիրի հանդիպում մը ունեցած է նաեւ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի հետ:

Տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Ժոմպլաթ փորձած է համոզել Հարիրին, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերէ, սակայն անոր փորձերը ձախողած են:

Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին նաեւ, որ Հարիրի լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է հետեւեալը. «Երբեմն պէտք է ետքայլ մը կատարել` դարձեալ յառաջանալու համար»:

Նշենք, որ իբրեւ հակազդեցութիւն այն յայտարարութիւններուն, թէ Հարիրի այսօր պիտի յայտարարէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը չառաջադրելու կեցուածքը, շաբաթ երեկոյեան եւ կիրակի առաւօտեան Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներ, որոնք համախմբուեցան Թարիք Ժտիտէի մէջ, ուղղուեցան Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մօտակայքը, ուր անոնք զօրակցական արտայայտութիւններով եւ կանչերով մաղթեցին, որ ան մնայ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ` Հարիրի ընտանիքին յատուկ քաղաքական ուղեգիծով:

Նշեալ զօրակցական յայտարարութիւններուն ընթացքին արձանագրուեցան նաեւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ` Սէուտական Արաբիոյ հասցէին:

Կիրակի առաւօտեան հաւաքին ընթացքին Հարիրի հանդիպեցաւ իր բնակարանին մօտակայքը համախմբուած բազմութեան հետ եւ հաստատեց, որ անոնք բոլորը իր սրտին մէջ են: «Ես գիտեմ, որ դժուար օրերու մէջ կը գտնուինք, սակայն այս բնակարանը բաց պիտի մնայ` ձեզի եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար: Ռաֆիք Հարիրի չնահատակուեցաւ, որպէսզի մենք անոր բնակարանը փակենք: Ես հոգիս ու արիւնս կը նուիրեմ ձեզի: Շնորհակալ եմ ձեր զօրակցութեան: Այսօր ես ձեզի լսեցի եւ կը խնդրեմ ձեզմէ, որ վաղը դուք ինծի լսէք, որովհետեւ ես պիտի վերադառնամ, եւ այս բնակարանը պիտի չփակուի», շեշտեց Հարիրի:

 

 

 

 

Նախորդը

Պաղտատի Մէջ. Ճ. Պուչիքեան Կը Պահանջէ Լիբանանեան Արտադրութեան Վրայ Պարտադրուած Մաքսատուրքը Ջնջել

Յաջորդը

Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանանին Կը Յանձնէ Լիբանանի Եւ Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Վստահութիւնը Վերահաստատելու Յուշագիր Մը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.