Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցիչները Համաձայնեցան Վերադառնալ Դասաւանդութեան, Եթէ Իրենց Խոստացուած Փոխադրածախսի Որոշումը Այսօր Ստորագրուի

February 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ ընթացիկ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ 76 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց խորհրդակցական հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, կրթութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, Ուսուցիչներու լիկան եւ տարրական կրթութեան բաժանմունքին մէջ պայմանագիրով գործող ուսուցիչներու սենտիքաները` քննարկելու համար 2021-2022 կրթական տարեշրջանը շարունակելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այս հանդիպումը կազմակերպուած է կրթութեան նախարարութեան կողմէ` փրկելու համար կրթական տարեշրջանը:

Միքաթի հաստատեց, որ իրենք կախարդական գաւազաններ չունին տիրող տագնապը միանգամընդմիշտ լուծելու, «սակայն ունինք լուծումներ որոնելու կամք», ըսաւ ան:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական այս սուր տագնապէն ամէնէն աւելի կը վնասուի կրթութեան մարզը:

Ան հաստատեց, որ բոլորին համար ուսումն ու կրթութիւնը պէտք է առաջնահերթ ըլլան` ընդգծելով փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը: «Կը խոստանամ, որ կառավարութիւնս կատարեալ լրջութեամբ պիտի քննէ ուսուցիչներուն պահանջները եւ իր ջանքերը ի գործ պիտի դնէ լուծելու համար կրթական մարզը յուզող հարցերը», ընդգծեց ան:

Իր կարգին, Պահիա Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի կրթական մարզին փրկութիւնը կարիքը ունի կամքի, սակայն անիկա պէտք է դրսեւորուի, երբ տակաւին ուշ չէ, եւ կրթութեան մարզը իր վերջին շունչը չէ փչած:

Վարչապետ Միքաթիի, Հալապիի եւ Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք, պետական դպրոցներու տարրական բաժանմունքին մէջ գործող պայմանագրային ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Հիւսէյն Սաատ յայտնեց, որ ուսուցիչները համաձայնեցան հինգշաբթի, 10 փետրուար 2022-ին վերադառնալ դասաւանդութեան, եթէ կառավարութիւնը այսօրուան իր նիստին ընթացքին վաւերացնէ իրենց խոստացուած փոխադրածախսի գումարը:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Սլիմի Հետ Քննարկեց Բանակայիններուն Իրաւունքները Եւ Ծովային Սահմանագծումին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Պահանջէ Պահպանել Բնակիչներուն Ապահովութիւնը

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.