Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք հրկիզուող անիւներով փակեցին Ատլիէի ճամբան:
Զոհերուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենց բողոքի նստացոյցը ընթացքի մէջ է, որովհետեւ պայթումին մասին բացուած հետաքննութիւնը դադրած է:
Անոնք պահանջեցին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի դէմ յարուցուած դատերը յետս կոչել, որպէսզի ան կարենայ շարունակել հետաքննութիւնը:


