Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Հաստատէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը Եւ Անոնց Հանդէպ Յարգանքը

February 7, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ շաբաթավերջին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը:

Տել Քոլ Սլիմին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես հազարապետ-զօրավար Արոլտօ Լազարօ Սայնզը նշանակած է իրեն փոխանորդ` աւելցնելով, որ ան իր պարտականութիւնները պիտի ստանձնէ փետրուարի աւարտին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ այն կայունութիւնը, որ կը տիրէ հարաւային Լիթանիի շրջանին մէջ` շնորհիւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին գործակցութեան:

Այս շրջագիծին մէջ Սլիմ հաստատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ անոնց նկատմամբ յարգանքը, ինչպէս նաեւ անոնց աշխատանքները դիւրացնելու անհրաժեշտութիւնը, գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին եւ երաշխաւորելով, որ խաղաղապահ ուժերուն եւ բնակչութեան միջեւ հարցեր եւ միջադէպեր չպատահին:

Տել Քոլ իր կարգին շեշտեց Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հերթական հանդիպումները շարունակելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ տարբեր շրջաններու ու գիւղաքաղաքներու բնակիչներուն հետ յարաբերութիւնները հեզասահ են, եւ գործակցութիւնը շինիչ է: Ան նկատել տուաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ արձանագրուած միջադէպերը անոնց գործունէութեան նկատմամբ քաղաքացիներուն կողմէ թշնամական զգացումներ չեն արտայայտեր:

Տիապի Մօտ

Տել Քոլ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Հասսան Տիապի, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իմաստով ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը:

Տիապ նկատել տուաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը հիմնական է` թշնամի Իսրայէլին պարտադրելու, որ ան Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701  բանաձեւը գործադրէ եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ցամաքային, ծովային եւ օդային իր ոտնձգութիւնները դադրեցնէ:

Տիապ կոչ ուղղեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն իր դերակատարութիւնը ունենալու եւ արգիլելու, որ Իսրայէլ շարունակէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր ոտնձգութիւնները:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Համար Ճշդուած Թուականի Փոփոխութիւնը Խիստ Մերժելի Է»

Յաջորդը

Նախարարներ Պուչիքեան Եւ Հաժ Հասան Մեկնեցան Իրաք

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.