ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» համավարակին հետեւանքով 20 մահեր եւ 6482 վարակման նոր պարագաներ արձանագրուած են:
ՆԱԽԸՆԹԱՑ մը կազմելով` մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, այսօր Մար Մարունի տօնին առիթով պիտի հանդիսապետէ Ժըմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագի յատուկ արարողութեան: Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը այս առիթով իր քարոզին ընդմէջէն յատուկ պատգամներ յղէ երկրի պատասխանատուներուն եւ օտար երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտար երէկ շարունակեց սպառողական ապրանքներու սակագիներու ստուգման իր «արշաւը»: Այս ծիրին մէջ, երէկ ան ընկերակցութեամբ ապահովական պատկան ուժերու, նիւթական տուգանքի պատժամիջոցներ տնօրինեց Հարաւի Սուր, Սայտա եւ Նապաթիէի շրջաններու օրինազանց վաճառականներուն դէմ:
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը, «պաշտօնական աղբիւրներու» վերագրելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ Գերմանիա լիբանանեան պատկան իշխանութիւններէն տեղեկութիւններ ուզած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի նիւթական կացութեան մասին: Նախապէս լիբանանցի պատասխանատու մը այս քայլը նկատած էր ընթացիկ քայլ մը` պատասխանատուներու ելեւմտական կացութեան գծով ստուգման ծիրին մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի տեղեկատուութեան հարցերու խորհուրդը երէկ հաղորդագրութեամբ մը հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ դիմած է նշեալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի միջամտութեան` թմրեցուցիչներու հետապնդման գրասենեակի տնօրէն գնդապետ Հանրի Մանսուրի արգելափակման հարցով: Հաղորդագրութիւնը այդ տեղեկութիւնը «անհիմն» որակած է:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, տնտեսագէտ Էլի Եաշուհի յարմարագոյն թեկնածուն կը նկատուի` փոխարինելու համար Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն:
ԲԱՆԱԿԸ վերսկսաւ նիւթական յատկացումներ վճարել Պէյրութի նաւահանգիստէն վնասուած ընտանիքներուն: Ցարդ 452 ընտանիք օժանդակութիւն ստացած է:
ԴԱՏԱՒՈՐ Ֆաուզի Խամիս Պէյրութի օդակայանի պատկան մարմիններէն ու յատկապէս օդանաւորդութեան ընկերութիւններէն պահանջեց «Քորոնա» համավարակին գծով կատարուող «Փի.Սի.Ար.»-ի տոլարի եկամուտը յատկացնել Կեդրոնական դրամատան մէջ առողջապահութեան եւ Լիբանանեան համալսարանի հաշիւներուն: Ան այս գծով պատկան տնօրէն Ֆատի Հասանէն պահանջեց շտապ շրջաբերական հրապարակել եւ փոխանցել նշեալ ընկերութիւններուն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Ալի Համիէ երէկ ընդունեց Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութեան ամրագրման քայլերը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց զարգացման կարելիութիւնները:
ԲԱՆԱԿԻ ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր տեսակցեցաւ շրջանի հոգեւոր եւ քաղաքական պատասխանատուներուն հետ: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ բանակի հրամանատարը հերքեց «ահաբեկչական» քաղաքի մակդիրին վերագրումը Թրիփոլիին` նշելով, որ տնտեսական ծանր պայմաններ կրնան ներգրաւել կարգ մը երիտասարդ տարրեր ծայրայեղական խմբակներու մէջ, «սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ Թրիփոլի ահաբեկչական քաղաք է»:


