Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրատապ Ժամկէտներու Ընդառաջ. Իշխանութիւնները Կը Փորձեն Ամբողջացնել Իրենց Նախապատրաստական Քայլերը

Փետրուար 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 մայիս 2022-ին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութեանց եւ անոնց յաջորդելիք հոկտեմբեր 2022-ի նախագահական ընտրութեան ժամկէտներուն ընդառաջ, լիբանանեան իշխանութիւնները կը փութան ամբողջացնել իրենց նախապատրաստական քայլերը: Փաստօրէն, ճիշդ է, որ ամիսներ կը բաժնեն նախագահական ընտրութենէն եւ զայն կանխելիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն, սակայն պատասխանատուներու կողմէ  արձանագրուող գրեթէ բոլոր քայլերն ու կեցուածքները կը մղուին նշեալ ժամկէտներու քաղաքական հաշուարկի հեռանկարով: Արդարեւ, նախընտրական այս շրջանին քարոզչական արշաւները թէեւ խիստ դանդաղ, չըսելու համար հազուադէպ, բայց անոնք արդէն իսկ թափ առած են քուլիսային բանակցութիւններով եւ թեկնածուներու անուններու «սակարկութեամբ»: Այլ խօսքով` խորհրդարանական ընտրութեանց նոր պատկերացումը ցարդ յստակ չէ: Աւելի՛ն, կարգ մը «կողմեր» անհրաժեշտ կը նկատեն այս ընտրութեանց յետաձգումը այն հիմնաւորումով, որ «շրջանին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւնները պիտի ընթանան ի հեճուկս իրենց շահերուն», ինչպէս հաստատեց վերջերս «բանալի» կողմերէն մէկուն պատասխանատու դէմքերէն Սամ Մնասսա:

Տակաւին, կարգ մը աղբիւրներ կը փորձեն «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ»` մտավախութեան ու լարուածութեան մթնոլորտ ստեղծելով քաղաքացիներուն մօտ, զանոնք յուսալքութեան մղելու միտումով: Այս իմաստով ուշագրաւ էր վերջերս լիբանանեան օրաթերթի մը «ապահովական լուրջ մտավախութեան» ակնարկող մեծատառ խորագիրը: Նմանապէս, ուշագրաւ է Ազգային համախոհութիւն կուսակցութեան ղեկավար Պիլալ Թաքիէտտինի «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած այն գրառումը, թէ ` «յառաջիկայ օրերուն կրնան անակնկալներ ըլլալ լիբանանեան հրապարակին վրայ»: Տակաւին չենք խօսիր լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման վերստին սաստկացման լուրերուն մասին, ուր նորագոյն տեղեկութիւններուն համաձայն, տնտեսական փորձագէտներ կը նախատեսեն, որ «որոշ ժամանակ ետք ամերիկեան տոլարին սակագինը վերստին պիտի բարձրանայ տնտեսական ազդակներու եւ այլ տագնապներու բերումով», ինչպէս կը հաստատէր երէկ լիբանանեան լրատու կայք մը:

Նախքան Այդ

Նախքան այդ, սակայն, լիբանանցի վարիչներ լծուած են հարթելու եւ «դասաւորելու» հրատապ այլ ժամկէտներ, ինչպէս` Հարաւային Լիբանանի ծովային ջուրերու սահմանագծումի հարցը, որուն կապակցութեամբ ամերիկացի միջնորդ-բանագնաց Ամոս Հոքշթայն երէկ կէսօրէ ետք հասաւ Լիբանան` գլխաւորելով պատուիրակութիւն մը: Հոքշթայն այսօր պիտի տեսակցի երկրի պատասխանատուներուն հետ` սկսելով նախագահ զօր. Միշել Աունէն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն եւ ապա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Ժոզէֆ Աունը եւ արտաքին գործոց նախարարը եւ այլ անձնաւորութիւններ: Իսկ լիբանանեան իշխանութիւններ իրենց կարգին վճռական են լիբանանեան ջրային սահմանագծումի իրաւունքներու պահպանման գծով ու նախանձախնդիր են այդ հիման վրայ «նստելու» բանակցութեանց, ինչպէս հաստատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Այս գծով ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Ժալինա Փորթըր հաստատեց իր երկրի պատրաստակամութիւնը դիւրացնելու Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ այս բանակցութեանց յաջողութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան եւ Իսրայէլ իրե՛նք կը վճռեն սահմանագծումի որոշումը:

Հրատապ մէկ այլ ժամկէտ է դատական հաշուեքննութեան հետաքննութեան հարցը, որուն գծով կը նախատեսուի, որ Լազարտի բանակցութիւնները վերստին սեղանի վրայ ներկայանան:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Քննարկեց 76 Կէտերէ Բաղկացած Օրակարգ Մը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?