Ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն վերսկսելու շրջագիծին մէջ, այսօր Լիբանան կը հասնի ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայն:
Հոքշթայն այսօր կէսօրէ ետք պիտի այցելէ Լիբանան, ուր ան 24 ժամուան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի տարբեր պատասխանատուներու հետ:
Կը նախատեսուի, որ Հոքշթայն հանդիպում մը ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի:
Ամերիկացի միջնորդը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ սահմանագծումի թղթածրարին գծով հանրապետութեան նախագահի խորհրդատու, երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապի հետ:
Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Լիբանանի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Դերակատարութիւնը Քանդիչ Է»
Միւս կողմէ, իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք երեսփոխանական ընտրութիւններով մտահոգ չեն` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դերակատարութիւնը քանդիչ է:
Քասեմ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը հովանաւորեն «Ընդդիմութիւն» անուան տակ գործող փտած ղեկավարութիւններ, ինչպէս` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը, որ իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին լիբանանցիներուն դէմ սպանդներ գործած է:
«Անոնք նոր սերունդները կը փճացնեն անբարոյ միտքերով եւ համոզումներով, ինչպէս նաեւ կը ֆինանսաւորեն այնպիսի անձնաւորութիւններ, որպէսզի անոնք փոխարինեն երկրին ներկայ իշխանութիւնները», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ, իրենց բանեցուցած տնտեսական ճնշումին ընդմէջէն, ճիգ չեն խնայեր լիբանանցիներուն միջեւ քաոս ստեղծելու:


