Լիբանանեան

Ռիատ Սալամէ. «Լիբանանի Մէջ Ելեւմտական  Տագնապ Չկայ, Իսկ Լիբանանեան Դրամատնային  Մարզին Եւ Լիբանանեան Թղթոսկիի  Արժէքին Գծով Մտահոգութիւն Պէտք Չէ Ըլլայ»

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի` Զուիցերիական Իշխանութիւնները Կասկածի Տակ Կ՛առնեն Ռիատ Եւ Ռաժա Սալամէի Գործունէութիւնը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ սերտելէ ետք կարգ մը փաստաթուղթեր, յստակ դարձած է, թէ աւելի քան տասնեակ տարիէ մը ի վեր Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը, կառավարութեան պատկանող պարտատոմսեր գնելէ ետք, լիբանանեան առեւտրական դրամատուներուն պարտադրած է գործառնութիւններ` առանց բացատրութիւններ տալու: Նոյն լրատու գործակալութիւնը կը հաստատէ, որ այդ գործառնութիւններուն մեծ մասը փոխանցուած է այն ընկերութեան, որուն սեփականատէրն է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ...

Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր  Տնօրէնութիւնը Հրապարակեց Լիբանանի Աշխատուժի  Եւ Ընտանիքներու Ապրուստի Իրավիճակին  Վերաբերող 2018-2019 Տարիներու Արդիւնքները

Յունուար Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներուն Սակերը 7,69 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց 2022-ի յունուար ամսուան իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ յունուար ամսուան ընթացքին սպառողական ապրանքներու սակերը 7,69 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2021-ի յունուար ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 8,06 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 8,08 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 7,22...

Հռոմի Մէջ.   Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Պահա Հարիրին

Հռոմի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Պահա Հարիրին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմի մէջ ընդունեց Պահա Հարիրին: Պքերքէի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, թէ Ռայի պատրիարքը Պահա Հարիրիի հետ քննարկեց Լիբանանի իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ընթացքին, երբ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային գործնական լուծումներու բացակայութիւնը տիրական է: Հանդիպումին ընթացքին անոնք հաստատեցին լիբանանեան սահմանադրութիւնը գործադրելու եւ անոր կառչած մնալու կարեւորութիւնը, այլ խօսքով` Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3101 վարակուածներ եւ մահացած 19 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.600 լ. ոսկիի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակն ու նախարարութեան պատկանող հաստատութիւններուն պարզած իրավիճակը: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել...

Միւնիխի Մէջ.  Վարչապետ Միքաթի Շրջանային Եւ Միջազգային  Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու Հետ  Քննարկեց Լիբանանի Յարաբերութիւնները

Միւնիխի Մէջ. Վարչապետ Միքաթի Շրջանային Եւ Միջազգային Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու Հետ Քննարկեց Լիբանանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին Միւնիխի մէջ շարունակեց իր հանդիպումները շրջանային եւ միջազգային բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Քննարկումի առարկայ դարձան Լիբանանի հետ տարբեր երկիրներու յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Վարչապետ Միքաթի, որ Միւնիխի մէջ կը մասնակցի ապահովութեան նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը, հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Փարիզի ջանքերը` բոլոր...

Պըրրի. «Լիբանան Չէ Սնանկացած,  Այլ Կը Տառապի «Քաղաքական Քորոնա»-է»

Պըրրի. «Լիբանան Չէ Սնանկացած, Այլ Կը Տառապի «Քաղաքական Քորոնա»-է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ Գահիրէի մէջ իր մասնակցութիւնը բերած էր Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 32-րդ խորհրդաժողովին, եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Գահիրէ օր մը օրանց չէ կասեցուցած Լիբանանի օժանդակութիւնները` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի իրագործած բարգաւաճումները անհաւատալի են: Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան կը շարունակէ գոյատեւել միայն չափաւորականութեամբ եւ միասնականութեամբ: «Նոյնիսկ Իսրայէլի...

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Հըզպալլային Մարտահրաւէր  Կարդացողը Պիտի Ձախողի Ու Կոտրուի»

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Հըզպալլային Մարտահրաւէր Կարդացողը Պիտի Ձախողի Ու Կոտրուի»

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը հզօր է` աւելցնելով, որ ապագան կը պատկանի Դիմադրութեան եւ այն տարազին, որ գծուած է Հասսան Լաքքիսի եւ «Հասսան» անօդաչու թռչող սարքին կողմէ: «Իսկ գալիքը շատ աւելի նշանակալից պիտի ըլլայ, եւ Դիմադրութեան կարողութիւններուն դիմաց Իսրայէլ պիտի շշմի», ըսաւ ան: Սաֆիէտտին նշեց, որ եթէ ամերիկացին Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելով եւ զայն ելեւմտական...

Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն  Ընտանիքները Մերժեցին  Փլել Ցորենի Շտեմարանը

Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Մերժեցին Փլել Ցորենի Շտեմարանը

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները երէկ կէսօրէ առաջ  Պէյրութի նաւահանգիստին դիմաց գտնուող արտագաղթող լիբանանցիի յուշարձանին առջեւ կատարեցին բողոքի նստացոյց մը, որ կը կրէր «Կը մերժենք ոճիրին փաստերը ծածկել» կարգախօսը: Այս առիթով զոհերուն հարազատները արտասանեցին խօսքեր, որոնց մէջ հաստատեցին, որ կը մերժեն փլել ցորենի շտեմարանը: Պէտք է աւելցնել, որ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտարարած էր, թէ պիտի կատարուի նուազուրդ...

Կանց. «Եթէ Մեզմէ Պահանջուի Հըզպալլայի Դէմ  Յարձակում Մը Գործել, Պիտի Ընդառաջենք  Եւ Մեծ Վնասներ Պիտի Պատճառենք Անոր»

Կանց. «Եթէ Մեզմէ Պահանջուի Հըզպալլայի Դէմ Յարձակում Մը Գործել, Պիտի Ընդառաջենք Եւ Մեծ Վնասներ Պիտի Պատճառենք Անոր»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ եթէ իրենցմէ պահանջուի Հըզպալլայի դէմ յարձակում մը գործել, ապա պիտի ընդառաջեն այդ պահանջին եւ մեծ վնասներ պիտի պատճառեն անոր: Կանց աւելցուց, որ Լիբանան պիտի կրէ այդ յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Կանց այս գրառումը կատարեց պատասխանելու համար Հըզպալլայի կողմէ «Հասսան» անօդաչու թռչող սարքի Իսրայէլ ուղարկման եւ 40...

Լիբանանցի Երաժիշտ, Մանկական Շարժական  Գծանկարներու Երգերու  Մեկնաբան Սամի Քլարք Մահացաւ

Լիբանանցի Երաժիշտ, Մանկական Շարժական Գծանկարներու Երգերու Մեկնաբան Սամի Քլարք Մահացաւ

Լիբանանցի երաժիշտ եւ երգիչ Սամի Քլարք երէկ իր մահկանացուն կնքեց Սեն Ժորժ հիւանդանոցին մէջ, սրտաբանական հարցերու հետեւանքով: 74-ամեայ Սամի Քլարք, բուն անունով Սամի Հըպէյքա, իր ետին ձգած է երգարուեստի հարուստ աւանդ մը` տարբեր լեզուներով երգուած աւելի քան 700 երգեր: Ան օտար լեզուներով երգող լաւագոյն լիբանանցի երգիչն է, որ մասնակցած է մեծ թիւով երգի փառատօներու Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3145 վարակուածներ եւ մահացած 20 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.600 լ. ոսկիի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ իր խօսքը ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն` շեշտելով, որ անոնք չեն կրնար երկրին քանդումը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին աղքատացումը շարունակել` ի հեճուկս աշխարհին կողմէ իրենց ուղղուած...

Հըզպալլա Կը Յայտարարէ «Հասսան» Անօդաչու  Թռչող Սարքի Ծնունդն Ու Կատարած  Գործողութեան Յաջողութիւնը

Հըզպալլա Կը Յայտարարէ «Հասսան» Անօդաչու Թռչող Սարքի Ծնունդն Ու Կատարած Գործողութեան Յաջողութիւնը

18 փետրուար 2022-ը լիբանանցիներուն համար կարելի է ամփոփել քանի մը երկվայրկեան տեւած իսրայէլեան կործանիչներու կողմէ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ գործած թռիչքներուն ձայներով, որոնք սարսափահար դարձուցին իր վախը տակաւին չյաղթահարած լիբանանցին: Վախի մթնոլորտին ու իրարանցումին մէջ իր միտքը արթուն ու հաւասարակշռուած պահել փորձող քաղաքացին, որ հազիւ հասած էր իր տան պատուհանները բանալ` իբրեւ բնազդ, արդէն իմացաւ, որ Լիբանանի մէջ ծնած է...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Հաւատք Չընծայելու  Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Յետաձգելու  Մասին Տարաձայնութիւններուն

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Հաւատք Չընծայելու Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Յետաձգելու Մասին Տարաձայնութիւններուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց երկու հրամանագիրներ, որոնց հիման վրայ ան խորհրդարանէն պահանջեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծին վրայ աւելցնել արտակարգ հաշիւի դրութիւն` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան հաշիւներուն վրայ` կազմակերպելու եւ կատարելու համար 15 մայիս 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ստորագրած հրամանագիրը կը ճշդէ 320...

Պըրրի Վերապահութիւն Յայտնեց  Խորհրդաժողովի Քաղաքական Խորհուրդի  Տեղեկագիրին Վերաբերեալ

Պըրրի Վերապահութիւն Յայտնեց Խորհրդաժողովի Քաղաքական Խորհուրդի Տեղեկագիրին Վերաբերեալ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 32-րդ խորհրդաժողովին, որ կը կայանայ Գահիրէի մէջ եւ կը կրէ «Արաբական միասնականութիւն» խորագիրը: Այս շրջագիծին մէջ, Պըրրի երէկ վերապահութիւն յայտնեց խորհրդաժողովի քաղաքական խորհուրդի տեղեկագիրին վերաբերեալ` հարց տալով. «Ո՞ւր է արաբական միասնականութիւնը: Ո՞ւր է արաբական միացեալ շուկան, որ արաբներուն կողմէ ստեղծուած է նախքան եւրոպական միացեալ շուկան: Այսօր ո՞ւր...

Պու Հապիպ. «Լիբանանի Ծովային  Սահմանագծումին Իմաստով Վերջնական  Համաձայնութիւն Չկայ Տակաւին»

Պու Հապիպ. «Լիբանանի Ծովային Սահմանագծումին Իմաստով Վերջնական Համաձայնութիւն Չկայ Տակաւին»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումի թիւ 23 գիծը ստորագրուած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ կարգ մը նախարարներու կողմէ` 2011-ին: Ան աւելցուց, որ թիւ 29 գիծին մասին տեղեկութիւնները սկսած են շրջանառութեան մէջ դրուիլ հազիւ վերջին տարիներուն ընթացքին: Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանանի համար մերժելի է, որ այդ...

Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Բանակի  Հրամանատարութեան Զինուորական Գործողութիւններու  Տնօրէնութեան Կեդրոնատեղի

Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Բանակի Հրամանատարութեան Զինուորական Գործողութիւններու Տնօրէնութեան Կեդրոնատեղի

Պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ այցելեց բանակի հրամանատարութեան զինուորական գործողութիւններու տնօրէնութեան կեդրոնատեղի, ուր ներկայ էր բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն եւ բանակի զինուորական գործողութիւններու պետ գնդապետ-զօրավար Ժան Նոհրա: Այցելութեան ընթացքին Նոհրա Սլիմին ներկայացուց բանակին կատարած զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած ներկայի մարտահրաէրները, յատկապէս տնտեսական տագնապին լոյսին տակ: Սլիմ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի սահմանապահ ուժերը, որոնք կը հսկեն մաքսանենգումը արգիլելու աշխատանքներուն:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 4090 վարակուածներ եւ մահացած 20 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.800 լ. ոսկիի: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Եուսեֆ Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու միջոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ օժանդակել Լիբանանին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան...

Պըրրի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Կայացման, Թաէֆի  Համաձայնագիրի Գործադրութեան  Եւ Արաբ Եղբայրներուն Հետ Յարաբերութիւններուն  Պահպանման»

Պըրրի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման, Թաէֆի Համաձայնագիրի Գործադրութեան Եւ Արաբ Եղբայրներուն Հետ Յարաբերութիւններուն Պահպանման»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Գահիրէի մէջ մասնակցեցաւ Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 32-րդ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին  արտասանեց Լիբանանի խօսքը` հաստատելով, որ արաբական աշխարհին մէջ տիրող կացութիւնը կ՛ենթադրէ անկեղծօրէն անդրադառնալ ճշմարտութիւններուն: Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է անդրադառնալ բոլոր վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնք առանց բացառութեան կը սպառնան արաբ ժողովուրդներուն: Ան նշեց, որ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային, առողջապահական եւ ռազմավարական առումով արաբական...

Նախագահ Աուն. «Ձեր Երդումին  Եւ Լիբանանցիներուն Հաւատարիմ Մնացէք»

Նախագահ Աուն. «Ձեր Երդումին Եւ Լիբանանցիներուն Հաւատարիմ Մնացէք»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փտածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդի անդամները, որոնք կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը: Այս առիթով նախագահ Աուն կոչ ուղղեց անոնց իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու թափանցիկութեամբ, անաչառութեամբ, նուիրումով, անկախութեամբ եւ առանց այս կամ այն կողմին լսելու, այլ միայն հետեւելով օրէնքին, կարգ ու կանոնին: «Ձեր երդումին եւ լիբանանցիներուն հաւատարիմ մնացէ՛ք եւ շարունակեցէ՛ք ձեր պայքարը փտածութեան...

Պասիլ. «Հըզպալլայի Հետ  Մեղրալուսինի Մէջ Չենք»

Պասիլ. «Հըզպալլայի Հետ Մեղրալուսինի Մէջ Չենք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: Քննարկուեցան նաեւ ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթին վերաբերող հարցեր: Միւս կողմէ, Պասիլի այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան. քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները: Պասիլ հաստատեց, որ ՄԱԿ-ը եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է հսկեն...

Page 357 of 988 1 … 356 357 358 … 988

Արխիւներ