Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 32-րդ խորհրդաժողովին, որ կը կայանայ Գահիրէի մէջ եւ կը կրէ «Արաբական միասնականութիւն» խորագիրը:
Այս շրջագիծին մէջ, Պըրրի երէկ վերապահութիւն յայտնեց խորհրդաժողովի քաղաքական խորհուրդի տեղեկագիրին վերաբերեալ` հարց տալով. «Ո՞ւր է արաբական միասնականութիւնը: Ո՞ւր է արաբական միացեալ շուկան, որ արաբներուն կողմէ ստեղծուած է նախքան եւրոպական միացեալ շուկան: Այսօր ո՞ւր է Եւրոպան եւ ո՞ւր են արաբները»:
Պըրրի հարց տուաւ նաեւ, թէ ո՞ւր է արաբական միասնականութիւնը` ահաբեկչութիւնը դիմակալելու հարցով: Ան առաջարկեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով արաբական փոխադարձ գործակցութիւն գոյանայ այս մարզին մէջ, իսկ Գահիրէ ըլլայ այդ գործակցութեան կեդրոնատեղին:
Պըրրի կոչ ուղղեց Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան որդեգրելու Քուէյթի հովանաւորութեամբ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան մը սկսելու առաջարկը:
Ան պահանջեց Արաբական լիկայէն Սուրիան անվարան վերընդունիլ լիկային մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պաղեստինցիներուն նախաձեռնելու միջպաղեստինեան հաշտութեան իրագործման` եգիպտական հովանաւորութեամբ:
Պըրրի իր խօսքը եզրափակեց պահանջելով, որ Եմէնի մէջ պատերազմը դադրի, եւ զայն բաղկացնող շերտերուն միջեւ երկխօսութիւն կատարուի:
Նշենք, որ Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 32-րդ խորհրդաժողովի աւարտին քաղաքական խորհուրդի հրապարակած տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, թէ համադաշնակցութիւնը զօրակցութիւն կը յայտնէ լիբանանցի եղբայր ժողովուրդին` նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած ելեւմտական ու տնտեսական տագնապները, եւ կը մաղթէ, որ Լիբանանը ապաքինի եւ վերահաստատէ իր բնականոն պայմանները` պահպանելով իր գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը:


