Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Կը Յայտարարէ «Հասսան» Անօդաչու Թռչող Սարքի Ծնունդն Ու Կատարած Գործողութեան Յաջողութիւնը

February 19, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

18 փետրուար 2022-ը լիբանանցիներուն համար կարելի է ամփոփել քանի մը երկվայրկեան տեւած իսրայէլեան կործանիչներու կողմէ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ գործած թռիչքներուն ձայներով, որոնք սարսափահար դարձուցին իր վախը տակաւին չյաղթահարած լիբանանցին:

Վախի մթնոլորտին ու իրարանցումին մէջ իր միտքը արթուն ու հաւասարակշռուած պահել փորձող քաղաքացին, որ հազիւ հասած էր իր տան պատուհանները բանալ` իբրեւ բնազդ, արդէն իմացաւ, որ Լիբանանի մէջ ծնած է նոր արտադրութիւն մը` «Հասսան» անունով:

Ուրեմն, «Հասսան»-ի ծնունդին երկունքը լիբանանցիները ապրեցան իսրայէլեան օդանաւերուն թռիչքներով, որովհետեւ  մայրաքաղաք Պէյրութի վերեւ ցած մակարդակով այդ թռիչքներէն անմիջապէս ետք, Հըզպալլա յայտարարեց, որ իր կողմէ բռնագրաւուած Պաղեստին ուղղուած «Հասսան» տիպի անօդաչու թռչող սարքը հետախուզական իր պարտականութիւնը կատարած է 70 քմ երկարութեան վրայ, 40 վայրկեան տեւողութեամբ ու ապահով վերադարձած է Լիբանան, հակառակ թշնամի ուժերուն կողմէ զայն վար առնելու ճիգերուն եւ փորձերուն:

Արդեօք Հըզպալլա, հանրապետութեան նախագահին տարեդարձին առիթով, փափաքեցաւ «Հասսան»-ը անոր նուիրել, անոր իշխանութեան վերջին փուլը խորհրդանշակա՞ն դարձնել:

Ամէն պարագայի, տնտեսական սուր տագնապ դիմագրաւող երկրի մը համար լիբանանեան նոր արտադրութեան` «Հասսան»-ի ծնունդը «հետաքրքրական» է: Միշտ ալ այդպէս եղած է Լիբանանը, սակայն տիրող ներկայ կացութիւնը ցուցանիշ մըն է, որ յառաջիկայ օրերն ու զարգացումները կրնան «աւելի հետաքրքրական» դառնալ:

Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ կէսօրին յայտնած էր, որ Հըզպալլայի պատկանող անօդաչու թռչող սարք մը Լիբանանէն մուտք գործած է Իսրայէլ:

Ատրահի ըսած էր, որ Գալիլիոյ մէջ ահազանգ հնչեցուած է, իսկ իսրայէլեան ուժերը «Էֆ 16» կործանիչներ եւ յարձակողական ուղղաթիռներ օդ բարձրացուցած են` վար առնելու համար Իսրայէլի օդային տարածք մուտք գործած ականուած անօդաչու թռչող սարքը:

Աւելի ուշ իսրայէլեան ուժերը հաստատեցին, որ իրենք չեն յաջողած խոցել կամ կասեցնել Լիբանանէն Իսրայէլ մուտք գործած անօդաչու թռչող սարքը եւ կորսնցուցած են անոր հետքը:

Նշենք, որ կէսօրուան ժամերուն իսրայէլեան օդանաւեր ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարեցին սահմանամերձ շրջաններուն վերեւ, ինչպէս նաեւ անոնք կեղծ յարձակումներ գործեցին հարաւային Լիբանանի վերեւ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Հաւատք Չընծայելու Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Յետաձգելու Մասին Տարաձայնութիւններուն

Յաջորդը

ՄԱԿ Արցախի Մէջ Գնահատման Առաքելութիւն Կը Նախատեսէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.