Լիբանանցի երաժիշտ եւ երգիչ Սամի Քլարք երէկ իր մահկանացուն կնքեց Սեն Ժորժ հիւանդանոցին մէջ, սրտաբանական հարցերու հետեւանքով:
74-ամեայ Սամի Քլարք, բուն անունով Սամի Հըպէյքա, իր ետին ձգած է երգարուեստի հարուստ աւանդ մը` տարբեր լեզուներով երգուած աւելի քան 700 երգեր:
Ան օտար լեզուներով երգող լաւագոյն լիբանանցի երգիչն է, որ մասնակցած է մեծ թիւով երգի փառատօներու Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Պուլկարիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Յունաստան, Աւստրիա:
Սամի Քլարք երգած է նաեւ ֆրանսերէն, իտալերէն, հայերէն, յունարէն, գերմաներէն եւ ռուսերէն:
Սամի Քլարք կը մնայ 80-ականներուն Լիբանանի մէջ սփռուող մանկական շարժական գծանկարներու երգերուն լաւագոյն մեկնաբանը, որ խանդավառած է սերունդներ:
Այդ շարժական գծանկարներէն ամէնէն աւելի հանրածանօթներն են «Կրենտայզըր»-ը եւ «Գանձերու կղզի»-ն:


