Կառավարութիւնը Սկզբունքով Համաձայն Է Ելեկտրականութեան Ծրագիրին Գործադրութեան
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նախքան նիստը գումարելը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը սկզբունքով համաձայն է ելեկտրականութեան ծրագիրին գործադրութեան, պայմանով որ յանձնառութիւն յայտնուի օրէնքը գործադրելու...



















