Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փտածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդի անդամները, որոնք կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը:
Այս առիթով նախագահ Աուն կոչ ուղղեց անոնց իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու թափանցիկութեամբ, անաչառութեամբ, նուիրումով, անկախութեամբ եւ առանց այս կամ այն կողմին լսելու, այլ միայն հետեւելով օրէնքին, կարգ ու կանոնին:
«Ձեր երդումին եւ լիբանանցիներուն հաւատարիմ մնացէ՛ք եւ շարունակեցէ՛ք ձեր պայքարը փտածութեան դէմ, որ վնաս հասցուցած է ժողովուրդին, ընկերութեան եւ հայրենիքին», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանցիները երկար սպասեցին այս խորհուրդին կազմութեան եւ իրենց վստահութիւնը շնորհեցին անոր, «հետեւաբար դուք իբրեւ խորհուրդ պէտք է մտածէք միայն ազգային շահերը գերադասելու մասին եւ ըստ այնմ գործէք», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ բոլոր հեղինակութիւնները պէտք է դիւրացնեն խորհուրդին աշխատանքը` աւելցնելով, որ ինք պիտի վերացնէ խորհուրդին աշխատանքները խոչընդոտող արգելքները, որովհետեւ փտածութեան դէմ պայքարը իրեն համար առաջնահերթութիւն է:
Ան աւելցուց, որ ելեւմտական իրաւական հաշուեքննութիւնը, որուն յաջողութեան համար ինք մեծ ջանքեր ի գործ դրած է, փտածութեան դէմ պայքարելու միջոցներէն մէկն է, «այդ պատճառով ալ շատեր կը փորձեն խափանել այդ հաշուեքննութիւնը, որպէսզի կարելի չըլլայ արդիւնքի հասնիլ», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք նոյն թափով պիտի շարունակէ փտածութեան դէմ պայքարի հետապնդումը, որպէսզի կարելի ըլլայ իրաւական հաշուեքննութիւն իրականացնել եւ բացատրութիւն տալ լիբանանցիներուն` իրենց պահ դրած գումարներուն ճակատագիրին մասին:
Նախագահ Աուն կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց Փտածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդին:
Նախագահական Պալատէն` Հաղորդագրութիւն
Նշենք, որ նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը պատասխանէ Մուսթաքպալ հոսանքի հրապարակած հաղորդագրութեան եւ այն տեղեկութիւններուն, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ուղղակիօրէն դատական իշխանութիւններուն աշխատանքին կը միջամտէ` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի անձին վերաբերող որոշումներուն առումով:
Նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ, որ Մուսթաքպալ հոսանքին ծրագրած այս արշաւներուն նպատակն է խոչընդոտել դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը, որպէսզի կարենան ծածկել լիբանանցիներուն դէմ գործուած ելեւմտական ոճիրները:
«Ինչ ալ ըլլան ճնշումներն ու շինծու հաղորդագրութիւնները, ինչպէս նաեւ ամբաստանութիւնները, մենք մեր նպատակէն պիտի չհրաժարինք», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:


