ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3101 վարակուածներ եւ մահացած 19 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.600 լ. ոսկիի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակն ու նախարարութեան պատկանող հաստատութիւններուն պարզած իրավիճակը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ տեղեկատուական միջոցներուն համաձայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան յառաջիկայ շաբաթասկիզբին պիտի այցելէ Պէյրութ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը գրաւած է երկու հարիւր հազար «Քեփթակոն» թմրանիւթի դեղահատ, որոնք Սուրիայէն Լիբանան պիտի մաքսանենգուէին` մոթորսիքլեթ վարող երիտասարդի մը միջոցով: Բանակը հալածած է երիտասարդը, որ յաջողած է փախուստ տալ` իր ետին ձգելով մոթորսիքլեթը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա վաղը` չորեքշաբթի, 23 փետրուար 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի մեկնաբանէ լիբանանեան քաղաքական զարգացումները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ «Հասսան» անօդաչու թռչող սարքը բացայայտեց իսրայէլեան բանակին եւ ապահովութեան տկար ու դիւրաբեկ ըլլալը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ արաբական նախաձեռնութիւնը տակաւին կը սերտուի` աւելցնելով, որ արձանագրուած են որոշ արդիւնքներ: Մուսա ընդգծեց, որ Լիբանան նախաձեռնութենէ աւելի գործնական քայլերու կարիքը ունի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ դժուար թէ 2022-ի պետական ամավարկը վաւերացուի երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ: Ան շեշտեց նաեւ, որ դատախազ Ղատա Աունի որոշումները պէտք չէ գործադրուին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անուանացանկէն դուրս բերելու պահանջը Վատիկանին վերագրելը անճիշդ է` աւելցնելով, որ նման տեղեկութիւններ տարածողը լիբանանցի դիւանագէտ մըն է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ժամանակը հասած է Նաամէի թափօններու թաղման վայրին թղթածրարը դուրս բերելու դարակներէն եւ գործադրելու զայն, որպէսզի կարելի ըլլայ գիւղաքաղաքներուն ելեկտրական հոսանք տրամադրել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արեւմուտքցի ականաւոր դիւանագէտ մը յայտնած է, թէ Լիպիոյ մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու նպատակով շատ աւելի մեծ ճնշում բանեցուցած են, քան` Լիբանանի, եւ այդ բոլոր ճնշումներով հանդերձ կարելի չէ եղած երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:


