Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին Միւնիխի մէջ շարունակեց իր հանդիպումները շրջանային եւ միջազգային բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Քննարկումի առարկայ դարձան Լիբանանի հետ տարբեր երկիրներու յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Վարչապետ Միքաթի, որ Միւնիխի մէջ կը մասնակցի ապահովութեան նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը, հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Փարիզի ջանքերը` բոլոր մարզերուն մէջ Լիբանանին օժանդակելու առումով:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որ քննարկումները շարունակուին Լը Տըրիանի Լիբանան այցելութեան ընթացքին: Ընդգծուեցաւ, որ Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան:
Միւս կողմէ, Լը Տըրիան եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակիցը` Էնթընի Պլինքըն յայտնեցին, թէ քննարկած են Լիբանանի թղթածրարը:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Գերմանիոյ միջազգային յարաբերութիւններու պետական նախարար Նիլզ Անինի հետ` ներկայութեամբ Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին զօրակցելու Գերմանիոյ ջանքերը:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին ուղարկուած եգիպտական օժանդակութիւններուն համար:
Վարչապետ Միքաթի այլ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ` ներկայութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:
Ապտոլլահեան յայտնեց, որ ինք կոչ ուղղած է բոլոր երկիրներուն զօրակցելու Լիբանանի կայունութեան եւ ապահովութեան պահպանումին` ընդգծելով, որ ոչ մէկ երկիր պէտք է միջամուխ ըլլայ լիբանանեան ներքին քաղաքականութեան:
Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Թեհրան անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններուն ամրապնդումը, յատկապէս` քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն վերաբերեալ:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ամերիկացի քոնկրեսականներու հետ:
ՆՇԵՆՔ, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանը խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բարեկարգումը առաջնահերթութիւն է, եւ լիբանանցի պատասխանատուներն ու ղեկավարները լրջութեամբ պէտք է մօտենան իրենց երկիրը կառավարելու ձեւին, ինչպէս նաեւ պէտք է որդեգրեն համախոհական որոշումներ եւ ստանձնեն երկրին պատասխանատուութիւնները:


