Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Թեպպունի Գրաւոր Նամակը Ստանալէ Ետք. «Արաբական Վեհաժողով Մը Գումարելու Խիստ Կարիքը Կայ, Եւ Լիբանան Առաջին Մասնակցողներէն Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

March 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը Լիբանան հասած Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռամթան Լամամրան` ներկայութեամբ անոր ընկերացող ալճերիական պաշտօնական պատուիրակութեան եւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի:

Հանդիպումին ընթացքին Լամամրան նախագահ Աունին յանձնեց Ալճերիոյ նախագահ Ապտել Մեժիտ Թեպպունի գրաւոր նամակը, որ յղուած էր Աունի եւ որ կ՛անդրադառնար արաբական իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ալճերիոյ հիւրընկալելիք արաբական վեհաժողովին նախապատրաստութիւններուն:

Թեպպուն իր նամակին մէջ հաստատած էր, թէ ինք հպարտ կը զգայ Լիբանանի եւ Ալճերիոյ միջեւ բարեկամական եւ հեզասահ յարաբերութիւններուն գոյութեամբ` ընդգծելով, որ Ալճերիա յանձնառու է այդ յարաբերութիւնները բարձրացնելու աւելի բարձր մակարդակներու եւ տարբեր մարզերուն միջեւ ամրապնդելու զանոնք, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն գերագոյն շահերը ապահովել:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ տիրող այսօրուան պայմանները աւելի քան երբեք արաբական միասնականութիւն կ՛ենթադրեն, ինչպէս նաեւ միացեալ կեցուածք ձեւաւորելու կարիք ունին: «Լիբանան միշտ աշխատած է արաբները համախմբելու, ինչպէս նաեւ վերացնելու այն դրդապատճառները, որոնք յանգած են արաբական երկիրներու եւ ժողովուրդներու բաժանումին: Հետեւաբար Լիբանան կ՛ողջունէ արաբական որեւէ հանդիպում, որ համախմբելու կարողութիւն ունի», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան իր ողջոյնները ուղղեց նախագահ Թեպպունին եւ շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ալճերիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կը մնան ամուր եւ եղբայրական:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ Ալճերիա յաջողի կազմակերպել արաբական վեհաժողովը` աւելցնելով, որ Լիբանան պիտի ըլլայ այդ վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերող առաջին երկիրներէն: «Արաբական վեհաժողովի մը կարիքը կայ` ճակատագրական հարցերուն դիմաց արաբական միասնականութիւն ապահովելու նպատակով», հաստատեց ան:

Նշենք, որ նախագահ Աուն ստորագրեց 12 օրէնքներ, որոնք վաւերացուեցան խորհրդարանին կողմէ, հետեւաբար այդ օրէնքները պիտի հրատարակուին պետական պաշտօնաթերթով:

Միւս կողմէ, Լամամրա այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ապտել Քերիմ Ռուքապիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ալճերիական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Լամամրա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ բոլոր մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը:

Լամամրա Միքաթիին տեղեկացուց Ալճերիոյ կողմէ  Արաբական վեհաժողովի կայացման ծրագրման մասին, վերջինս պիտի գումարուի 1 եւ 2 նոյեմբերին:

Վարչապետ Միքաթի Լամամրայէն խնդրեց, որ Ալճերիոյ կառավարութիւնը Լիբանանը բացառութիւն նկատէ` ալճերիական շաքարի արտածումը արգիլելու իր որոշումին առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան շուկային համար շաքար ապահովել:

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Իրաքի Ճարտարարուեստի Նախարարին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Արցախը Ուքրանիա 14 Թոն Օգնութիւն Ուղարկած Է

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.