Լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի սակին փոխարժէքը երէկ անհամեմատ բարձրացում մը արձանագրեց: Այս իրականութեան լոյսին տակ կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ տոլարի սակին արձանագրած ոստումին պատճառը այն է, որ կարգ մը դրամատուներ սկսան «Սայրաֆա» հարթակին հիման վրայ ամերիկեան տոլար չվաճառել:
Միւս կողմէ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հերքեց վերոնշեալ լուրը` հաստատելով, որ «Սայրաֆա» հարթակը բնականոն կերպով կը գործէ, եւ նման լուրեր անհիմն են ու անճիշդ:
Սալամէ աւելցուց նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատունը կառչած կը մնայ թիւ 161 շրջաբերականի գործադրութեան:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որ մեկասենթըրներու դրութիւն մը յառաջացնելու հարցով կրնայ փոթորկոտ ըլլալ` նկատի ունենալով այս թղթածրարին շուրջ նախարարներուն միջեւ ի յայտ եկած անհամաձայնութիւնը:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան հետապնդած ընկերային ծրագիրներուն վերաբերող զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը իր մօտ արձանագրուած ամէնէն աւելի կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութիւնները պիտի յատկացնէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրէն պիտի օգտուին 150 հազար ընտանիքներ:
Նախարար Հաժժար շեշտեց, որ նախարարութիւնը յանձնառու պիտի մնայ նախարարական յանձնախումբին ճշդած բոլոր չափանիշներուն, յատկապէս` թափանցիկութեան գործադրութեան:
Հաժժար կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին կարգ մը տեղեկութիւններ սրբագրել` դիմելու այդ քայլին, եւ աւելցուց, որ գումարներու գոյացումէն ետք դարձեալ առիթ պիտի ընծայուի արձանագրուելու օժանդակութեան ծրագիրին:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւնները, նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքները, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան կապուած հաստատութիւններուն աշխատանքները:


