Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1006 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.500 լ. ոսկիի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` Մազարեհ Շեպաայի եւ հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն վերեւ թռիչքներ ու կեղծ յարձակումներ գործելով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 28.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 27.000 լ. ոսկիով, մազութը` 52.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 9000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 425.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 434.000 լ. ոսկի, մազութը` 427.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 297.000 լ. ոսկի:

ԱԼՐԱՂԱՑՆԵՐՈՒ Լիբանանի համախմբումի նախագահ Ահմետ Հըթէյթ յայտնեց, որ Լիբանանի տարածքին ծոթրինահայսի եւ պանրածալի, ինչպէս նաեւ ֆրանսական հաց պատրաստող բոլոր փուռերը երէկ ալիւր չեն ստացած:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Մորիս Սլիմ երէկ ստորագրեց որոշում մը, որուն հիման վրայ մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար լ. ոսկիի գումար մը իբրեւ փոխադրածախս պիտի տրամադրուի նախարարութեան մէջ գործող բոլոր զինուորականներուն եւ քաղաքացիական անձնակազմին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց կիպրացի իր պաշտօնակիցը` Նիքոս Նորիսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու նախարարութիւններուն միջեւ ապահովական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս` ապօրինի գաղթականութեան հարցը: Մաուլաուի Նորիսէն ստացաւ Կիպրոս այցելութեան հրաւէր մը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտըր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ տիրող մարտահրաւէրները, որոնք հսկայական են, կը մղեն զինք կասկածելու` երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումին իմաստով: Ան նշեց, որ Լիբանանը իր նախկին բնական վիճակին վերադարձնելու համար տասնամեակ մը կը պահանջուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերը կրնան շատ ծանր ըլլալ լիբանանցիներուն համար: «Նաւթը եւ սննդեղէնը անհամեմատ պիտի սղին. զգուշացէ՛ք եւ պատրաստուեցէ՛ք», ըսաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն քուէարկութեան յատուկ մեկասենթըրներ կառուցելու իմաստով վերստին ներկայացուած առաջարկին նպատակը դարձեալ ընտրութիւններուն յետաձգումն է:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը` Երգչուհի Սիպիլի Հետ

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Ուքրանիոյ Մասին Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հրապարակած Հաղորդագրութիւնը Ամերիկեան Դեսպանատան Մէջ Գրուած Է»

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?