Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական գործողութիւնները պիտի շարունակուին` մինչեւ ռուսական նպատակները գործադրուին:
Ան շեշտեց, որ Ռուսիոյ նպատակն է Ուքրանիան ապազինել եւ նացիական գաղափարները ջլատել:
Ռուտաքով հաստատեց, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ ոչ ոք իրարու դէմ պատերազմ յայտարարած է` աւելցնելով, որ ներկայիս կատարուածը երկու երկիրներուն միջեւ պատերազմ չէ, այլ` զինուորական յատուկ գործողութիւն:
Ան նկատել տուաւ, որ Ռուսիոյ դէմ պարտադրուած պատժամիջոցները միայն երեք երկիրներու կողմէ են, մինչդեռ ան աշխարհի երկիրներուն երկու երրորդին հետ յարաբերութիւններ ունի, եւ անոնք կը շարունակուին:
Օսթաշ. «Մեր Առաջադրած Բոլոր Նախաձեռնութիւնները Ռուսիոյ Կողմէ Մերժուեցան»
Լիբանանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Իկոր Օսթաշ իր կարգին հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ Ռուսիա մերժած է Ուքրանիոյ կողմէ առաջադրուած բոլոր նախաձեռնութիւնները` աւելցնելով, որ Պիելոռուսիոյ մէջ խորհրդակցութիւնները մարտավարական եղած են:
Օսթաշ հաստատեց, որ նախանցեալ գիշեր ռուսական ռմբակոծումները եղած են ահարկու` աւելցնելով, որ ռմբակոծումներուն ընթացքին կարելի չէ քաղաքական որոշումներու մասին խօսիլ:
Ան հաստատեց, որ Քիեւ արեւմտեան հզօր զօրակցութիւն կը վայելէ` աւելցնելով, որ Ուքրանիա պէտք է մտածէ հիւլէական իր կեդրոնները պաշտպանելու եւ իր օդային տարածքները փակելու մասին:


