Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 956 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 22.800 լ. ոսկիի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը: Խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ քուէարկութեան մեծ համեմատութեամբ մասնակցելու ընտրութիւններուն:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը վաւերացուց Հանրապետութեան նախագահութեան, Սահմանադրական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ արդարութեան, տեղեկատուութեան, զբօսաշրջութեան եւ կենսոլորտի նախարարութիւններուն ամավարկերը, ինչպէս նաեւ ելեւմտական կարգ մը բացատրութիւններ պահանջեց` որոշ միութիւններու վերաբերեալ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութիւնը վերահաստատեց, որ ցորենի կամ սննդեղէնի տագնապ գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ ալրաղացները պէտք է լիբանանեան շուկային կարիքները հոգան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկրին ապահովական կացութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կենցաղային հարցերը առաջնահերթութիւններ են, որոնք արժանի են կառավարութեան ժողովները բաց պահելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ լիբանանեան արտադրութեամբ դեղորայքի օգտագործումը քաջալերելու իմաստով արձանագրուած համաձայնութիւնը տեսակարար զարգացում է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ շիի երկեակին հետ դաշինքի կարիքը կայ` աւելցնելով, որ քաղաքական որեւէ կողմի կամ համայնքի հետ գործակցութիւնը ազգային դաշինք կը նկատուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց վերակենդանացնելու «Արաբերէն գիրերու օր»-ը, որ կը զուգադիպի 11 մարտին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալած է իսրայէլեան Մոսատի գործակալներու խմբակ մը:

 

Նախորդը

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Բժիշկները Այնճարի Մէջ Իրենց Ծառայութիւնը Մատուցեցին

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Մեկասենթըրի Դրութեան Վաւերացումը Տեսակարար Քայլ Մըն Է, Որ Այս Ընտրութիւններուն Ընթացքին Պէտք Է Որդեգրուի»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.