Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Անհրաժեշտ Նկատեց Բոլոր Մարզերուն Պարագային Իրաքի Հետ Գործակցելու Կարեւորութիւնը

Մարտ 9, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրաքի ճարտարարուեստի նախարար Մունհալ Ազիզ Խապպազը` ընկերակցութեամբ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ճորճ Պուչիքեանի, Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հըպհապի եւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Պարրաքի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները բոլոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզին յատուկ փորձառութիւններու փոխանակման հարցը:

Նախագահ Աուն դրուատեց Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ յարաբերութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհի եւ իրաքցի պատասխանատուներուն` Լիբանանի նկատմամբ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան եւ տարբեր մարզերուն մէջ նեցուկ կանգնելու իրականութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու անկեղծ փափաքին համար:

Նախագահ Աուն ընդգծեց Իրաքի, արաբական երկիրներուն եւ ամբողջ աշխարհին բաց ըլլալու Լիբանանի իրականութիւնը` իր բոլոր մարզերը բարգաւաճեցնել կարենալու նպատակով:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատեց ճարտարարուեստի մարզը բարգաւաճեցնելու ու զարգացնելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի կարողութիւններն ու մրցունակութիւնը:

«Ճարտարարուեստի մարզը երկրին բարգաւաճումը երաշխաւորող հիմնասիւներէն կը նկատուի եւ հաստատուն քայլերով առաջ երթալու կարողութիւններ ունի», ըսաւ նախագահ Աուն:

Հանդիպումէն ետք Խապպազ յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է երկկողմանի ճարտարարուեստի եւ տնտեսական գործակցութեան մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ ստորագրուած փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիրին մանրամասնութիւնները:

Խապպազ նշեց, որ նախագահ Աունին փոխանցած է Իրաքի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին ողջոյնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է կարգ մը թղթածրարներու, որոնք կարելի է ուսումնասիրել` երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու շրջագիծին մէջ:

Իր կարգին, նախարար Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ նախագահ Աուն յանձնառութիւն յայտնած է երկկողմանի յարաբերութիւնները պահպանելու եւ աւելի եւս ամրապնդելու:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Միքաթի Շնորհաւորեցին Լիբանանցի Կիները

Յաջորդը

Պաքու Մոսկուան Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղ Անունէն Չհրաժարելուն Համար

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?