Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները:
Նախագահ Աուն ընդունեց Մարոնիներու լիկայի նորընտիր վարչութիւնը` նախագահութեամբ Խալիլ Քարամի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ նախքան նախագահի իր պաշտօնին աւարտը` փտածները բացայայտած պիտի ըլլայ:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ իր նպատակը երկիրը նախագահական վարչակարգի վերածելը չէ, այլ` նախագահի դերակատարութիւն ունենալը, «իսկ ինչպէս որ իրաւական հաշուեքննութիւնը պարտադրեցի, նոյնպէս ալ ջանքերս պիտի թափեմ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրէնքին գծով», ըսաւ ան: