Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանին մէջ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածու, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան, ներկայանալով Կեդրոնական կոմիտէին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն հանդէպ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ցուցաբերած վստահութեան` թէ՛ նախարարի պաշտօնին եւ թէ՛ երեսփոխանական թեկնածութեան համար, եւ փոխանցեց, որ ինք ներկայ հանգրուանին նախընտրելով հանրային ծառայութեան ոլորտը կը փափաքի յետս կոչել իր թեկնածութիւնը, միաժամանակ իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով շարունակել ազգային եւ հանրային իր ծառայութիւնը:


