Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Աթաբէկեան Նախագահ Աունին Յանձնեց Հայաստանի Նախագահին Նամակը

March 31, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, որ անոր յանձնեց Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի նամակը, որ կ՛անդրադառնար Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն եւ դեսպան Աթաբէկեան քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցեր:

Նախագահական Պալատի Այցելուները

Միւս կողմէ, նախագահ Աունի այցելեց Միջազգային դրամական ֆոնտէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Էռնեսթօ Ռամիրեզի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ ֆոնտին միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւնները, որոնց լոյսին տակ մեկնարկը պիտի կատարուի կառավարութեան մշակած տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ծրագիրին:

Ռամիրեզ յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը Լիբանանի հետ կատարուած բանակցութիւններուն մէջ կը նշմարէ զարգացումներ, որոնց լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ ստորագրել փոխըմբռնումի նախնական համաձայնագիր մը` մինչեւ վերջնական համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդի նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանանի մաղթանքն էր, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին Անթոնիօ Կութիերեսի տեղեկագիրը կեդրոնանար Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին ունեցած հետեւանքներուն վրայ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Կութիերեսի տեղեկագիրին մէջ նշուած տեղեկութիւնները` սուրիացի տեղահանուածներուն մասին, իրականութեան չեն համապատասխաներ:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց, որ տեղահանուածներուն օժանդակութիւն տրամադրուի անոնց երկիրներուն մէջ, որպէսզի անոնց տունդարձը քաջալերուի: «Կը զարմանանք, որ ինչո՞ւ միջազգային ընտանիքը չ՛ընդառաջեր լիբանանեան այս պահանջին», հաստատեց նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու սկզբունքին` աւելցնելով, որ ընտրութիւններու կայացման համար ֆինանսաւորումը ապահովուած է եւ կազմակերպական մեծ աշխատանք իրագործուած:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի նախագահ, դեսպան Էտուար Կապրիէլը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարբեր մարզերու մէջ անոնց ամրապնդումը:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային ու միջազգային իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի ու շրջանին վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները:

 

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի. «Կը Փափաքին Կառավարութիւնը Ձախողեցնել` Ջնջելու Համար Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»

Յաջորդը

Նախկին Նախարար Վարդինէ Օհանեան Յետս Կոչեց Իր Թեկնածութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.