Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ հովանաւորեց կլոր սեղան մը` «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը. մարտահրաւէրներ, ընտրանքներ եւ քաղաքականութիւններ» նիւթով:
Ռայի պատրիարքը իր խօսքին մէջ ընդգծեց հետեւեալը. «Այնքան ատեն որ Լիբանանի հարցերուն ախտաճանաչումը չենք կատարած, պիտի ուղղուինք դէպի յաւելեալ փլուզում»:
Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց «Կ՛ընտրենք կեանքը» խմբաւորումին կազմակերպած այս կլոր սեղանը` հաստատելով, որ ինք ամբողջութեամբ կ՛որդեգրէ անոնց գործունէութեան կանոնները, որոնք կ՛անդրադառնան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութեան:


