ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 380 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 23.700 լ. ոսկիի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի նախագահ, դեսպան Էտուար Կապրիէլը ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու
դեսպան Տորըթի Շիայի: Պըրրիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Էրնեսթօ Ռամիրեզի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ ֆոնտին միջեւ խորհրդակցութիւններուն անցած փուլերն ու խորհրդարանին իրագործած օրէնսդրական աշխատանքը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն` Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ս. Զատկուան զոյգ տօներուն եւ անոնց նախորդող Աւագ ուրբաթ օրերուն ընթացքին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:
Հետեւաբար վերոնշեալ հաստատութիւնները փակ պիտի մնան ուրբաթ, 15 ապրիլ 2022-ին, երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2022-ին, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2022-ին եւ երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2022-ին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` պենզինի թիթեղին եւ պիւթակազին սակերը մնացած են նոյնը, իսկ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 19.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 475.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 486.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 533.000 լ. ոսկի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ շարունակեց քննարկել պետական ամավարկը եւ վաւերացուց քաղաքացիները տուրքերու բաժինին մէջ նշուած կարգ մը հարկերէ զերծ կացուցելու վերաբերող կէտերը: Յանձնախումբը իր քննարկումները պիտի շարունակէ երեքշաբթի, 5 ապրիլ 2022-ին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պեքաայի մէջ գործադրած իր տեսակարար մէկ գործողութեան ընթացքին կրցած է ձերբակալել պահանջուած յանցագործ մը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ բանակը կատարած է ներխուժումներ, որոնց ընթացքին կատարած է այլ ձերբակալութիւններ, իսկ կրակոցներուն պատճառով արձանագրուած են վիրաւորներ:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ հերքեցին, թէ լիբանանեան-սուրիական Մասնաա սահմանամերձ շրջանին մէջ կան ականուած երկու բեռնակառքեր: