Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 4, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 188 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 23.800 լ. ոսկիի:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Զահլէի մէջ ձերբակալած է զէնքի մաքսանենգ մը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զէնք ու զինամթերք գրաւած է անոր բնակարանէն:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` տէրը դառնալու իրենց խիղճերուն եւ հեռու մնալու բոլոր անոնցմէ, որոնք կը փափաքին գնել զիրենք եւ չարաշահել անոնց քուէները:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կառավարութեան դէմ լարուիլն ու անոր դէմ ցեխարձակումներ կատարելը մերժելի են:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ Մուխթարայի մէջ շաբաթավերջին կատարուած ժողովրդային ընդունելութեան ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցի երիտասարդները պէտք է մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը բերեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իրենց որոշումով կատարեն այն փոփոխութիւնը, որուն կոչ կ՛ուղղեն բոլորը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ամերիկացիները կը փափաքին պատժել Դիմադրութիւնը եւ անոր դաշնակիցները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք աշխատանքը պիտի շարունակեն պետական հաստատութիւններուն ընդմէջէն` հետապնդելու համար իրաւական հաշուեքննութիւնը, ելեւմտական բարեկարգումն ու դրամատուներուն մէջ պահ դրուած հաշիւներ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու կարելիութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայութիւնը Դիմադրութեան եւ անոր ընտրանքներուն պիտի կարենայ ապահովել ժողովրդային օրինականութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ներկայ սեւ օրերու իշխանութիւնները կը շարունակեն պետական հաստատութիւնները քանդելու քաղաքականութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը ժիհատական պարտաւորութիւն է` պահպանելու համար Լիբանանի միասնականութիւնն ու Դիմադրութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հարց տուաւ, թէ արդեօք կարելի՞ է ներկայիս արձանագրուած քաղաքական նեխած մթնոլորտէն աւելի վատը տեսնել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շամել Ռուքոզ շաբաթավերջին Սահել Ալմայի իր գրասենեակին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ պիտի առաջարկէ պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ միջազգային փորձերու վրայ եւ երաշխաւորուած է, կարողութիւն ունի ապահովելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը:

ՊԱԱԼՊԵՔ – Հերմել համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլը չկրցաւ Դիմադրութեան զինուորապէս յաղթել եւ այդ պատճառով ալ Լիբանանը ենթարկեց տնտեսական շրջափակումի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ եւ Ամալ շարժումի հարաւային Լիբանանի ղեկավարութիւնները շաբաթավերջին Նապաթիէի մէջ կատարեցին հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Անոնք կոչ ուղղեցին բոլորին խիտ շարքերով մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքը հայրենիքին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական որեւէ ուժի հետ երկխօսութեան հարց չունի` իր սկզբունքներուն շրջագիծին մէջ: Ան շեշտեց, որ Մարատա հոսանքը հայրենիքին հաշուոյն ոչինչ կրնայ կատարել: «Մեր նպատակն է ժողովուրդին հանգիստ ու բարօր կեանք ապահովել», ըսաւ Ֆրենժիէ` աւելցնելով, որ իրենք հնչեղ կարգախօսներու երկրպագուներ չեն, այլ` երկրին պատմութեան ու աշխարհագրութեան վրայ կը հիմնուին եւ ըստ այնմ կ՛որդեգրեն երկիրը պաշտպանող քաղաքական կեցուածքներ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած իր գրառումով կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան բանակցելու Ռուսիոյ հետ` հիւլէական ուժով բանող ելեկտրակայաններ կառուցելու նպատակով: Ուահապ իր գրառումը աւարտեց հետեւեալ հարցումով. «Կը յանդգնի՞ք»:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ ինք խորհուրդ կու տայ հայրենիքին մէջ ապրող ու գործող իրենց գործակիցներուն` չափազանցութիւններէ հեռու մնալու` Հըզպալլայի դէմ գործուող հրահրումներուն իմաստով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլան ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն ունեցող կուսակցութիւնն է` հակառակ անոր դէմ ի գործ դրուող տեղեկատուական եւ քաղաքական բիրտ պայքարին:

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Ուխտի Օրուան Առիթով Սուրբ Լուսաւորիչի Աջով Օրհնուեցան Մեր Ժողովուրդի Զաւակները

Յաջորդը

Ռաատ. «Հակառակ Բոլոր Հարցերուն Լաւատես Ենք, Որովհետեւ Դրդապատճառներն Ու Արդիւնքները Յստակ Են»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.