Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ. «Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Ներկայացնող Երեսփոխանները Հակառակորդ Չենք Նկատեր»

Մայիս 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան եւ օժանդակեցին իրենց ընտրական այս հոլովոյթին, որ կայացաւ տարօրինակ ընտրական օրէնքի հիման վրայ:

Ան կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու ընտրական օրէնքը, որովհետեւ կարգ մը թեկնածուներ մեծ թիւով քուէներ ստացած են, սակայն չեն կրցած խորհրդարան հասնիլ, մինչդեռ ուրիշներ քիչ քուէներով ընտրուած են երեսփոխան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Զղարթայի մէջ նահանջ արձանագրուած է, իսկ քաղաքացիական ընկերութիւնը` յառաջդիմած: «Մենք քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող երեսփոխանները հակառակորդ չենք նկատեր, սակայն իմ խորհուրդս անոնց պիտի ըլլայ այն, որ իրենք իրապաշտութեամբ վարուին եւ նախապայմաններ չառաջադրեն, որպէսզի խուսանաւումի լուսանցքը սահմանափակած չըլլայ», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք աշխատած են միտքերուն վրայ, իսկ ուրիշներ` որովայնին, որովհետեւ մարդիկ ուտելու-խմելու կարիքը ունին:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին երկիրը իր աղէտէն փրկելու եւ գործելու Լիբանանի զարթօնքին համար: «Մեր լսած յայտարարութիւնները քաջալերական չեն թուիր ըլլալ, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք բոլորին ըլլալու ճկուն եւ բաց` երկրին փրկութեան ի խնդիր: Քաղաքական բոլոր ուժերուն պարտականութիւնն է ժխտական վարուելակերպ չորդեգրել», յայտնեց Ֆրենժիէ:

Նախագահական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան իր պայմանները կ՛ունենայ, «սակայն մեր կարծիքով` հանրապետութեան նոր նախագահը պէտք է իր հեղինակութիւնն ու պատմութիւնը ունենայ», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքը ոչ մէկ կապ ունի նախագահական ընտրութեան հետ` աւելցնելով, որ երկրին պայմանները կ՛որոշեն հանրապետութեան յաջորդ նախագահը:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն առանց բացթողումներու կատարուելուն մասին յայտարարութիւնները անճիշդ են, սակայն անոնք աւարտեցան եւ նոր խորհրդարան պարտադրեցին: Լուծումը կարելի է ապահովել երկխօսութեան եւ փոխըմբռնումի մթնոլորտով: Եթէ բանավէճերը շարունակուին, երկիրը կանգ պիտի առնէ, եւ եթէ բոլորը իրարու հետ չգործակցին, ապա կրնան հարցեր պատահիլ: Բոլորը պէտք է նստին եւ իրենց գործունէութիւնը ըստ էութեան քննարկեն, որպէսզի տեսնեն, թէ ո՛ւր ճիշդ վարուած են, եւ ո՛ւր սխալած: Մենք մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին գործած ենք ի շահ ժողովուրդին եւ մեր շրջաններուն: Լարուած իրավիճակը հարցերու լուծման չի կրնար յանգիլ», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Ընտրական Բանավէճին Վերջ Տալու

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?