Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «31 Հոկտեմբերին Պաապտայի Պալատէն Կը Հեռանամ»

May 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վաղը` հինգշաբթի, 12 մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 49 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը:

Նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան դրուատեց կազմակերպութեան կողմէ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկելու դէտերու նշանակումը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները թափանցիկութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարական մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ կատարելու իմաստով բոլոր միջոցառումները որդեգրուած են:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ ընտրական նպատակներով օգտագործուած գումարներու ու ընտրակաշառքի մասին տեղեկագիրներու եւ խստիւ դատապարտեց այդ երեւոյթը` կոչ ուղղելով Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող կեդրոնական խորհուրդին եւ դատական իշխանութիւններուն միջամտելու եւ կասեցնելու այդ խախտումները, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կրնան ունենալ քուէարկողներուն որոշումին վրայ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամի: Քննարկուեցան Շամիի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ընթացքին Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Միջազգային դրամատան պատասխանատուներուն հետ անոր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք գոհունակ կը զգայ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան առումով` աւելցնելով, որ իրեն միշտ կ՛ուղղուէր ընտրութիւններու կայացման մասին հարցումը, եւ ինք միշտ կը հաստատէր, որ ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին, «հետեւաբար այդ իմաստով հանգիստ եմ, որ ընտրութիւնները իրենց ժողովրդավարական ընթացքով կը կատարուին», յայտնեց ան:

Նախագահ Աուն հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան շահերը ապահովելու համար ընտրական մանրամասնութիւններու միջամուխ կը դառնայ` աւելցնելով, որ ինք պայքարած է ընտրական օրէնքը համամասնական դարձնելու նպատակով, հակառակ անոր որ այդ պատճառով Ազգային ազատ հոսանքը որոշ աթոռներ կորսնցուցած էր: «Ինծի համար կուսակցական նեղլիկ հաշիւներ ապահովելու նպատակներ գոյութիւն չունին, այլ` ազգային ամբողջական շահերու ապահովումն է իմ բուն թիրախս», շեշտեց նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք 31 հոկտեմբեր 2022-ին Պաապտայի պալատէն պիտի հեռանայ` նշելով, որ եթէ մինչ այդ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրուած չըլլայ, ապա կառավարութիւնը կը ստանձնէ երկրին պատասխանատուութիւնը փոխանցման շրջանի մը համար: «Իսկ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կարելի չեղաւ կառավարութիւն կազմել, ապա 31 հոկտեմբերէն ետք երկրին իրավիճակին կը հետեւի սահմանափակ իրաւասութիւններ ունեցող ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածո՞ւն է, նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու չունի: «Պասիլի կողմէ այս փուլին հանրապետութեան նախագահութեան ստանձնումը դժուար եւ բծախնդիր առաքելութիւն է», նշեց ան:

Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով, նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կարողութիւն չունի հանդուրժելու այդ բեռը` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը` նախքան անոր հակակշիռէ դուրս գալը:

Անդրադառնալով Լիբանանի ծովային սահմանագծումին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ թղթածրարը կը մնայ առկախ` աւելցնելով, որ թիւ 23 ուղին Լիբանանի նաւթային իրաւունքները կ՛ապահովէ, «իսկ մենք թիւ 29 ուղիէն ձրիաբար չենք հրաժարած», ըսաւ ան:

Նախորդը

Պըրրի. «Մենք Համաձայն Ենք Փտածութեան Համակարգի Փլուզումին, Սակայն Պէտք Է Զգուշանալ Ժողովուրդին Ցաւը Շահագործողներէն»

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խնդիրներու Կայուն Լուծման» Կ՛ըսէ Վիքթորին

RelatedPosts

«Լիբանան Պէտք Է Յարգէ Նախագահ Թրամփին  Տուած Իր Խոստումները Եւ Տարեվերջէն  Առաջ Հըզպալլան Զինաթափէ»  Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Ուիլսըն
Լիբանանեան

Քոնկրեսական Ուիլսըն. «Պէտք Է Ամէն Ջանք Թափել Երաշխաւորելու Համար Լիբանանի Կառավարութեան Կայունութիւնը»

January 24, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 24, 2026
Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ  Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել,  Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել, Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.