Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Նետ Փրայս «Արապիա»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին Լիբանանի մէջ տեսնել ազատ, թափանցիկ եւ պարկեշտ ընտրութիւններ, որոնք պիտի կատարուին 15 մայիս 2022-ին:
Փրայս յոյս յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն կարճ ժամանակ ետք կարելի կ՛ըլլայ լիբանանցիները ներկայացնող կառավարութիւն կազմել` աւելցնելով, որ կառավարական անկայունութիւնը լիբանանցիները տառապեցնող գլխաւոր պատճառ մը կը նկատուի:
Փրայս շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ գործակցիլ լիբանանցիներուն հետ, իսկ Միջազգային դրամական ֆոնտը իր բանակցութիւնները կը շարունակէ Լիբանանի կառավարութեան հետ` մեղմացնել կարենալու համար մարդկային այն բեռը, որ լիբանանցիներուն ուսերուն վրայ տեղադրուած է` տարիներու փտածութեան եւ ապակայունութեան պատճառով: