Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընտրութիւններուն Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկելը Անձնատուր Ըլլալ Է, Եւ Չենք Ուզեր Լիբանանը Արաբականութեան Թշնամիներուն Յանձնել» Յայտնեց Միւֆթի Տըրիան

Մայիս 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու դեսպանները, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Սահլաուի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ տարբեր շրջաններու միւֆթիները:

Հանդիպումէն ետք Լիբանանի մէջ արաբական երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմի քարտուղար Ապտել Ալ Քանայի յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւններն եւ արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները: Ան աւելցուց, որ իրենք զօրակցութիւն յայտնած են հանրապետութեան միւֆթիին եւ անոր չափաւորական կեցուածքներուն:

Քանայի հաստատեց, որ Տար Ֆաթուան բոլոր լիբանանցիները համախմբող հոգեւոր կեդրոն մըն է:

Տար Ֆաթուայի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ դեսպանները դրուատած են միւֆթի Տըրիանին կեցուածքները եւ մաղթած, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները թափանցիկութեամբ կարելի ըլլայ գործադրել:

Իր կարգին, հանրապետութեան միւֆթին կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան նկատել տուաւ, որ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կրօնական եւ ազգային պարտականութիւն է` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները Լիբանանի պատմութեան մէջ կարեւոր շրջադարձ են, եւ խորհուրդ տուաւ բոլորին մասնակցելու քուէարկութեան:

«Ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը անձնատուր ըլլալ է, եւ չենք ուզեր Լիբանանը արաբականութեան թշնամիներուն յանձնել», ըսաւ ան:

Նախորդը

Շրջաբերական, Ուղղուած` Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Քուէարկելու Նպատակով Անցագիրը Նորոգելու, Ինչպէս Նաեւ Արեւային Ներուժով Ելեկտրականութիւն Արտադրող Ընկերութիւններու Աշխատանքի Արտօնագիր Շնորհելու

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?