Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց Հըզպալլայի կազմակերպած ընտրական միթինկին, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետը անձամբ ուղղուած է սահմանային շրջան` հետեւելու իսրայէլեան ուժերուն կատարած լայնածաւալ ռազմափորձերուն, որոնց ընթացքին ան յայտնած է, թէ ինք ոչ ոքի հետ առճակատում կը փափաքի:
«Ձեզի համար գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ յայտնեմ, որ նախորդ օրերուն մեր կողմէ կատարուած կազմ ու պատրաստ վիճակ ունենալու յայտարարութենէն ետք, դիւանագիտական խողովակներով մեզի տեղեկութիւններ հասած են, թէ իսրայէլացիները կը հաստատեն, որ իրենք Լիբանանի դէմ ոչ մէկ քայլի կ՛ուզեն դիմել: Չենք վստահիր Իսրայէլին եւ կը մնանք կազմ ու պատրաստ` մինչեւ իսրայէլեան ռազմափորձերուն աւարտը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան աւելցուց, որ Իսրայէլի կողմէ յղուած այս բացայայտ պատգամը արդիւնք է Դիմադրութեան զօրութեան եւ անոր կարողութիւններուն` հաստատելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Լիբանանի դէմ որեւէ յարձակում գործուի:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը չի կրնար պետութիւնը փոխարինել կամ պետութեան այլընտրանքը ըլլալ: Ան ըսաւ, որ իրենք կը հաւատան Ժողովուրդ, բանակ, դիմադրութիւն տարազին եւ չեն խօսիր վարչակարգը կամ պետութիւնը տապալելու մասին, ընդհակառակն` կ՛անդրադառնան այս վարչակարգին բացթողումները սրբագրելու եւ բարեկարգումներ կատարելու կարելիութեան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանան նոր քաղաքացիական պատերազմ մը չի կրնար հանդուրժել` աւելցնելով, որ քաղաքացիական պատերազմը կարմիր գիծ է, եւ դէպի այդ ուղղութեամբ մղող ուժը պէտք է իմանայ, որ իր ընթացքը դէպի դաւաճանութիւն կ՛առաջնորդէ: