Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաւատարիմ Ժողովուրդը Ապահովեց Դիմադրութեան Եւ Անոր Զէնքին Քաղաքական ու Ժողովրդային Անվտանգութեան Ցանցը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

May 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք իր առաջին ճառին մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք քուէարկեցին ի նպաստ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի թեկնածուներուն:

Ան հաստատեց, որ մեծ արդիւնքները հզօր պատգամներ կ՛ուղղեն` Դիմադրութեան, ոսկեայ տարազին, արդար եւ կարող պետութեան, բարեկարգումներուն, քաղաքացիական անվտանգութեան, համերաշխութեան, ազգային գոյակցութեան, կենսական եւ տնտեսական տագնապներու լուծման կառչած մնալու իմաստով:

«Հաւատարիմ ժողովուրդին կ՛ըսեմ. դուք Դիմադրութեան եւ անոր զէնքին համար ապահովեցիք քաղաքական եւ ժողովրդային անվտանգութեան ցանցը` նկատի ունենալով այդ զէնքը թիրախ դարձնելու առումով կատարուած բացայայտ յայտարարութիւնները», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ ընտրական անարդար օրէնքին` նկատել տալով, որ առանց սերտելու եւ ոչ գիտական կերպով ընտրաշրջաններու բաժանումը` այս կամ այն քաղաքական ուժի ղեկավարին շահերուն ծառայելու համար, ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն չ՛ապահովեր:

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջամուխ ըլլալու իմաստով սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա շրջեցաւ քուէարկութեան կեդրոնները, իսկ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի ամէնէն աշխուժ ընտրամեքենաներէն մէկն էր, որ կարգ մը թեկնածուներուն թեկնածութիւնը յետս կոչել կու տար, ընտրացանկերը կը խանգարէր եւ դրամ կը հայթայթէր: «Այս բոլորին մէջ արդեօք Իրանի դեսպանը տեսա՞ք», հարց տուաւ սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց երկիրը քաղաքական եւ տեղեկատուական առումով հանդարտեցնելու:

«Պէտք է ուղղուինք դէպի այն կէտերը, որոնք մեզի կը միացնեն: Պէտք է գործակցինք, որովհետեւ տագնապներուն լուծումը կարելի չէ ապահովել առանց գործակցութեան», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց բոլորին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը:

«Պատասխանատուութիւն ստանձնելէ խուսափիլ կը նշանակէ դաւաճանել եւ ընտրական խոստումները դրժել», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց բոլորին վերջ տալու շրջաններուն մէջ «շիի, շիի» կարգախօսը հնչեցնող մոթորսիքլեթներու շքախումբերուն արշաւին, որ գրգռութիւններ կրնայ հրահրել: Ան հաստատեց նաեւ, որ կարգ մը շրջաններու մէջ օդը կրակելու քայլերը մեղք կը նկատուին:

Նախորդը

«Լիբանանեան Ուժերը Ունին Մեծագոյն Երեսփոխանական Պլոքը` 19 Երեսփոխան, Մինչդեռ Ազգային Ազատ Հոսանքը Ունի 18» Շեշտեց Ժահժահ

Յաջորդը

Աուն Հաժժարի Հետ Քննարկեց Պրիւքսելի Խորհրդաժողովին Արդիւնքները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.