Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իր այցելուներուն հետ քննարկեց Լիբանանի նորագոյն իրադարձութիւնները: Այս ծիրին մէջ ան ընդունեց Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որ հանդիպումի աւարտին վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին` նշելով, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրագործումը Լիբանանի քաղաքական իշխանութեան կազմութիւնն է ըստ ժողովուրդի կամքին եւ ըստ սահմանադրական սկզբունքներուն:
Նախքան այդ, խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Աքքարի շրջանէն նորընտիր երեսփոխան Սաժիհ Աթիէն, որուն հետ քննարկեց յետընտրական աշխատանքները: Նշենք, որ Աքքարի երեսփոխաններէն Ուաժիհ Պաարինի երէկ Սաժիհ Աթիէի անունը առաջադրեց խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնին համար:
Խորհրդարանին Շուրջ Պատնէշները
Պիտի Վերացուին
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գրասենեակը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ այսօր պիտի վերանան ամիսներէ ի վեր խորհրդարանը «պաշարած» անցարգելներն ու պատնէշները եւ խորհրդարան մուտքի կանխարգելիչ միջոցառումները պիտի մեղմանան: