Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 72 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 32.500 լ. ոսկիի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց դատական իշխանութեան իր դերակատարութիւնը ունենալու` 4 օգոստոսի պայթումին գծով, ինչպէս նաեւ քայլեր առնելու` Լիբանանի գանձարկղի գումարները իւրացնողներուն, լիբանանցիները մութի ենթարկողներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան տոլարի սակը բարձրացնողներուն դէմ:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց նորընտիր երեսփոխաններուն` իշխանութեամբ չգինովնանալու, այլ` վերածուելու զիրենք ընտրողներուն ձայնին եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու` արդար եւ ժողովրդավար երկիր մը կառուցելու համար:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ շեշտեց, որ իրենք հաղորդակցութեան մարզը փրկած են` աւելցնելով, որ նոյնիսկ հաղորդակցութեան սակը երբ բարձրանայ, անիկա պիտի մնայ շրջանին մէջ ամէնէն միջին սակը: Քըրըմ աւելցուց, որ լիբանանցիներուն բջիջային հեռաձայնի սակերը միջին հաշուով պիտի հասնին 7 տոլարի:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընդգծեց, որ ելեւմտական մարզը վերակառուցելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերուն զարթօնքը ապահովելու իմաստով որդեգրուած քաղաքականութիւններուն նկատմամբ իրենց մօտեցումը գիտական է եւ ուսումնասիրուած:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք կը մնան հաւասարակշռութիւն պահող երեսփոխանական ուժ մը, որ կրնայ ներկայ գտնուիլ քաղաքական հոլովոյթներու եւ աշխատիլ` պահպանելու համար ժողովուրդին շահերը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ժողովուրդը ձախողեցուցած է իրեն դէմ քաղաքական ահաբեկումը, որ ծրագրուած էր ներքին եւ արտաքին ուժերու կողմէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ իրենք կտրականապէս պիտի մերժեն կառավարութեան վաւերացուցած Տնտեսական ապաքինումի ծրագիրը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քապալան Քապալան Արեւմտեան Պեքաայի մէջ շրջապտոյտի մը ընթացքին հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են ծառայելու ժողովուրդին եւ վարուելու այնպէս, որ կարենան մեղմացնել քաղաքացիները տառապեցնող հոգերը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծեց, որ իրենք հակառակորդ ուժերէն առաջ վերատեսութեան պիտի ենթարկեն դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ հաշիւները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ այս պետութեան մէջ դրամ ունեցողը թող փորձէ բարեկարգել ելեկտրականութեան մարզը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անուար Խալիլ հաստատեց, որ Լիբանանի տագնապներուն լուծման համար ազգային երկխօսութենէն բացի այլ միջոց գոյութիւն չունի: Ան մաղթեց, որ Լիբանան հասնի նախագահական ընտրութեան պահուն, եւ կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ լիբանանցիներուն ձգտումները կ՛իրականացնէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան շարքերուն մէջ երկփեղկումներ չկան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք կոչ ուղղեց Լիբանանն ու լիբանանցիները փրկելու իրերայաջորդ տագնապներէն` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ երկրին մէջ սադրանքներ նախապատրաստուին եւ Լիբանանը դէպի քաղաքացիական պատերազմ առաջնորդուի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ անոր դաշնակիցները կորսնցուցած են խորհրդարանի մեծամասնութիւնը` աւելցնելով, որ յաղթանակի հաճոյքը զիրենք պէտք չէ յարբեցնէ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Լիբանան մուտք գործած է նոր փուլ մը, որուն ընթացքին իրենք բնաւ պիտի չընդունին սխալները: Ան իր խօսքը ուղղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին հաստատեց, որ եթէ  վերջինս իր արժանապատուութեան մօտենայ, ապա պիտի կռուի անոր հետ, եթէ ան կռիւ փափաքի:

 

 

Նախորդը

Վիթալի Բալասանեան Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Նախկին Նախարար Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հանդիպումը Պաղտատի Հայութեան Հետ

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.