Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 119 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 31.700 լ. ոսկիի:

ԻՐԱՔԻ վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմի շնորհաւորեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին` երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու իմաստով: Ան հաստատեց, որ Իրաք կը զօրակցի Լիբանանին` ամրապնդելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով դէպի Լիբանան ուժանիւթ ներածելու թղթածրարը: Շիա հաստատեց, որ Ուաշինկթըն համաձայն է ուժանիւթի ներածումին եւ Միջազգային դրամատան մօտ իր ջանքերը ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի դրամատան կողմէ Լիբանանի վրայ յաւելեալ նախապայմաններ չպարտադրուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պեքաայի Շարաուինա շրջանին մէջ արձանագրուած են կրակոցներ եւ ինկած վիրաւորներ: Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ բանակը կրցաւ կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնել:

ՆԱՊԱԹԻԷԻ Սաքսաքիէ շրջանի բնակարաններէն մէկուն մէջ երէկ առաւօտեան արձանագրուեցաւ պայթում մը, որուն պատճառով մահացան Հասան Սպլինի եւ Խալիլ Սըպլինի: Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ տան մէջ գոյութիւն ունէր ձկնորսութեան համար օգտագործուող պայթուցիկ նիւթ, որ պայթումը պատճառած էր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շարպել Մարուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքն է, որ կը պաշտպանէ հայրենիքը` աւելցնելով, որ իրենք հաշուետուութեան պիտի կանչեն երկիրը գողցող աւազակները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի յայտնեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը փաստեց, որ իր աշխատանքը ապարդիւն է` աւելցնելով, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ իր ձախողութեան պահանջը անձնապէս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի պահանջն էր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան երէկ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Ուահապ երէկ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կառչած մնայ ուժանիւթի նախարարութեան, ապա իր մէջ կասկած պիտի արթննայ: Ան կոչ ուղղեց ելեկտրականութեան, հաղորդակցութեան եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները վստահելու քաղաքացիական ընկերութեան ուժերուն: Ան նշեց նաեւ, որ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը Հըզպալլային է, որ ունի 8 չյայտարարուած երեսփոխաններ:

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Բնակչութեան Համար Քաղաքապետական Ծառայութիւնները Բարելաւելու Նոր Գրասենեակ

Յաջորդը

2022-ի Առաջին Չորս Ամիսներուն Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներուն Սակերը 18,54 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?