Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանեան Ուժերը Ունին Մեծագոյն Երեսփոխանական Պլոքը` 19 Երեսփոխան, Մինչդեռ Ազգային Ազատ Հոսանքը Ունի 18» Շեշտեց Ժահժահ

Մայիս 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ նախագահեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի նիստին, որ առաջինն էր` երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք:

Նիստէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ժահժահ յայտնեց, որ 18 հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր իրենք կը յայտարարեն, որ Լիբանանի փրկութիւնը կարելի է ապահովել միայն երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդմէջէն:

«Կանխահաս ընտրութիւններ պահանջեցինք, սակայն մեր պահանջը մերժուեցաւ: Հետեւաբար յեղափոխութենէն ետք երկուքուկէս տարի ապարդիւն անցաւ: Կոչ կ՛ուղղեմ լիբանանցիներուն տեսնելու, թէ մենք կարող ենք փոփոխութիւն ապահովել, երբ մենք մեր ուժերուն կը վստահինք: Լիբանանի պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն կ՛իյնայ, եւ ի վերջոյ մենք ընտրութիւններուն ընդմէջէն հասանք պահանջուած փոփոխութեան», յայտնեց ան:

Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք իրենց քաղաքականութեան մէջ սակարկութիւն կատարելու տրամադիր չեն: «Մենք համաձայն չենք նաեւ «Ազգային խառն ապուր»-ի կառավարութիւն մը կազմելու, որովհետեւ պահանջուածը այն է, որ կառավարութիւնը ըլլայ գործօն կազմ մը», նշեց ան:

Խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան անդրադառնալով` Ժահժահ նշեց, որ խորհրդարանի նախագահի իրենց նկատած յատկանիշները բնաւ յարիր չեն Նեպիհ Պըրրիի:

Ժահժահ դիտել տուաւ, որ «Մեզի գործելու առիթ չտուին»-ի տրամաբանութեամբ պիտի չառաջնորդուին` աւելցնելով, որ Հըզպալլան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կորսնցուցած են խորհրդարանին մեծամասնութիւնը, որ այլ տեղ փոխադրուած է:

«Լիբանանեան ուժերը ունին մեծագոյն երեսփոխանական պլոքը` 19 երեսփոխան, մինչդեռ Ազգային ազատ հոսանքը ունի 18», ըսաւ ան:

Փոփոխութեան ուժերուն ուղղելով իր խօսքը` Ժահժահ կոչ ուղղեց անոնց անմիջապէս իրականացնելու իսկական փոփոխութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Հաւատարիմ Ժողովուրդը Ապահովեց Դիմադրութեան Եւ Անոր Զէնքին Քաղաքական ու Ժողովրդային Անվտանգութեան Ցանցը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?