Հակառակ անոր որ շաբաթ մը անցած է արդէն լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն, այսուհանդերձ քուլիսային խօսակցութիւնները կը շարունակուին երկրի պատկան կողմերուն միջեւ: Արդարեւ, նորընտիր խորհրդարանը «ծանրաբեռնուած» է մէկէ աւելի ժամկէտներու իրագործման նախապատրաստութեամբ: Այդ ժամկէտները հիմնականին մէջ սահմանադրական անխուսափելի քայլեր են, ինչպէս` խորհրդարանի նախագահի եւ փոխնախագահի ընտրութիւն, կառավարութեան կազմութիւն, աւելի ուշ` յառաջիկայ տարի` քաղաքապետական ընտրութիւններ, եւ կարեւորագոյնը` նախագահական ընտրութիւն հոկտեմբեր 2022-ին: Գաղտնիք չէ սակայն, որ այս ընտրութիւնները կրնան իրականանալ արտաքին, յատկապէս` շրջանային «կողմնացոյցերով»: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան կը պարզէր իր երկրին կեցուածքը Լիբանանի յետընտրական փուլին գծով: Նմանապէս, ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատու մը «մտահոգիչ» որակեց Լիբանանի ընտրութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ պարզուած վիճակը` միաժամանակ վերահաստատելով իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին:
Զօրակցական մաղթանքներու տողատակի ընթերցումով «շարժող» կողմնակի այլ արտաքին «սլաք» մըն էր երէկ` ֆրանսական յիսուն փոխադրակառքերու (պասերու) Լիբանանին յատկացումը դեսպան Անն Կրիոյի ձեռամբ: Այլ խօսքով, հակառակ յաճախակիօրէն շեշտուող Լիբանանի ինքնիշխանութեան սկզբունքն ու չէզոք կեցուածքի անհրաժեշտութիւնը, այսուհանդերձ արտաքին այս (ֆրանսական) եւ նման կեցուածքներու «համակարգումով» կրնայ յստականալ Լիբանանի յառաջիկայ փուլին պատկերացումը: Փաստօրէն, նոյնիսկ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական թղթածրարին վերաբերող խօսակցութիւնները իրենց դերն ու ազդեցութիւնը ունին այս գծով, հոգ չէ թէ անուղղակիօրէն: Արդ, լիբանանեան պատկան կողմեր ճիգ չեն խնայեր իրենց կեցուածքները համակարգելու` նախատեսուող ժամկէտներու իրագործման ընդառաջ:
Սակայն Նախքան Այդ…
Նախքան այս բոլորը սակայն, լիբանանցի պատասխանատուներ յանձնառու են լիբանանցիին ապրուստի, կենցաղային տարրական կարիքներու (հաց, դեղորայք, ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ…) ապահովման եւ դատական եզրայանգումներու (Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում, փտածութեան հետապնդում…) անխուսափելի «պարտականութեան» նկատմամբ: Այլապէս, Լիբանան կրնայ մղուիլ ընկերային-տնտեսական հին, բայց վերանորոգ գահավիժումի եզրին: