Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ մարոնի համայնքի պատրիարքին իր այցելութիւնները 32 տարուան աւանդութիւն դարձած են, իսկ այսօրուան տիրող տագնապալի պայմաններուն ընթացքին այդ այցելութիւնները յաւելեալ կարեւորութիւն կը ստանան:
«Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը կարեւոր էր` լուսաբանուելու համար անոր կեցուածքներով ու միտքերով, ինչպէս նաեւ քննարկելու առկայ թղթածրարները եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը, որովհետեւ այս կառոյցը կը մնայ պատմական ու գոյութենական կառոյց, ինչքան որ ալ մութ սենեակներու մէջ այս կառոյցին դէմ դաւադրութիւններ նիւթուին: Լիբանանի հիմնադրութեան օրէն ի վեր մարոնի համայնքի պատրիարքութիւնը կանգուն է ըլլայ Պքերքէի թէ Տիմանի մէջ, եւ բոլորը կրնան վերանալ, սակայն այս կառոյցը կը գոյատեւէ», ըսաւ ան:
Քանաան շեշտեց, որ կարելի չէ երկրին դիմագրաւած հիմնական եւ էական գործընթացները անտեսել` նկատի ունենալով մեր դիմագրաւած ներկայ իրադարձութիւնները:
Ան հաստատեց, որ կառավարութեան անմիջական կազմութիւնը ազգային սուրբ պարտականութիւն է, որ վստահուած է վարչապետին եւ քաղաքական ուժերուն:
«Կարելի չէ կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը երկրորդական եւ անկարեւոր նկատել եւ անոր հետ վարուիլ «փորձեցինք եւ չկրցանք եւ գործակցութիւն չգտանք»-ի հոգեբանութեամբ: Կառավարութիւնը պէտք է կազմուի, որովհետեւ Լիբանանի կայունութիւնը եւ միջազգային ջանքերը, որոնք կը թափուին երկիրը տնտեսական, քաղաքական եւ ելեւմտական իր տագնապներէն փրկելու` կարիքը ունին օրինական իշխանութեան, որ օրական դրութեամբ իր գործը կը կատարէ, ինչպէս նաեւ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական թղթածրարները կը լուծէ», շեշտեց Քանաան:
Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարելի չէ յետաձգել` աւելցնելով, որ անիկա սահմանադրական գործընթաց մըն է, որուն Լիբանան կարիքը ունի: «Լիբանան կարիքը ունի կատարեալ արժանիքներով հանրապետութեան նախագահի մը, որ կրնայ իր ներկայացուցչութեամբ եւ տարբեր թղթածրարները տնօրինելու ատակութեամբ միաւորել բոլորը, ինչպէս նաեւ տարբերութիւն ու փոփոխութիւն իրագործել», ըսաւ ան:
Քանաան յայտնեց, որ այս երկու թղթածրարները հիմնական են, եւ այս մասին Պքերքէ իր խօսքը ըսած է, իսկ պահանջուածը այս երկու գործընթացները գործադրելու ուղեգիծ մըն է: «Այս հարթակէն կը յայտարարեմ, որ պէտք է առաջադրել նախաձեռնութիւն մը` երկրին փրկութեան նպատակով», ընդգծեց Քանաան:


