ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 311 վարակուածներ եւ մահացած է 1 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 35.500 լ. ոսկի է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ալաուի այցելեց նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի համադրող Ֆրետերիքօ Լիմայի հետ քննարկեց Լիբանանի եւ ֆոնտին միջեւ բանակցութիւններուն տարբեր փուլերը` Լիբանանը տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ուղիին վրայ զետեղելու նպատակով:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը մօտիկ ապագային համաձայնութիւն պիտի յայտնէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան հայթայթած ելեկտրականութեան սակը բարձրացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ ելեկտրականութիւն տրամադրել քաղաքացիին: Ան ողջունեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամատան կողմէ ֆինանսաւորումին ապահովման պարագային Լիբանան պիտի կարենայ Սուրիոյ վրայով ելեկտրականութիւն եւ կազ ներածել Յորդանանէն եւ Եգիպտոսէն:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն այցելութիւնը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Միշել Մուաուատի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական եւ ելեւմտական առումով: Հաժ Հասան եւ Մուաուատ կոչ ուղղեցին Լիբանանի տնտեսութեան զօրակցելու` պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ տնտեսութիւնը ծառայողականէն անդին տանիլ` զայն վերածելով արդիւնաբերական տնտեսութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Իտալիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ իտալացի իր պաշտօնակիցին` զօր. Լորենզօ Կուերինիի, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարին եւ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ ծովակալ Ճիուզեփէ Տրակոնի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, լիբանանեան բանակին օժանդակելու եւ զօրակցելու կարեւորութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին դերակատարութիւնը կը կատարէ` աւելցնելով, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, որ ան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար նշանակուէր:


