Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Աքըր Պըրրիին նուիրեց «2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններ – թիւեր եւ վիճակագրութիւններ» անունը կրող նոր հրատարակուած գիրք մը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մոհամետ Շքէյրի: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը Պըրրիի հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ անկէ ստացաւ Տնտեսական խորհուրդներուն պատկերացումը` Լիբանանի տնտեսական կացութեան ապաքինումին մասին:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այյուպ, որուն հետ քննարկեց օրէնսդրական հարցեր, ինչպէս նաեւ Ժեզզինի բարգաւաճման կարիքները:


