Հոքշթայն Լիբանան Կ՛այցելէ
Յառաջիկայ Շաբաթավերջին
Երէկ յետմիջօրէին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս
Պու Սաապէն, որ յայտնեց, թէ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններու ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն յառաջիկայ շաբաթավերջին պիտի այցելէ Պէյրութ:
Պու Սաապ նախագահ Աունին յայտնեց, որ Հոքշթայնի ստանձնած պարտականութեան մասին հրապարակուած տեղեկագիրներուն, յօդուածներուն եւ վերլուծականներուն մեծ մասը ճշգրիտ չեն եւ ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած են:
Պու Սաապ ընդգծեց, որ ամերիկեան կողմը հաստատած է, որ ի գործ դրուող բոլոր ճիգերը կը միտին հասնիլ արդար համաձայնութեան մը, որ ամերիկեան կողմին համար առաջնահերթութիւն է:
Նշենք, որ Պու Սաապ անցեալ շաբաթավերջին հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտած էր, թէ սահմանագծումի հարցով Լիբանան չափազանց լաւատես կամ յոռետես չէ, սակայն կը հաստատէ, որ այդ թղթածրարը տեղքայլի մէջ չէ:
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան Թրիփոլի, Հըրի, Ամշիթ, Ժիէ, Սայտա եւ Սուր շրջաններէն նաւեր երթ մը կազմակերպեցին դէպի Նաքուրա` հաստատելու համար, որ Լիբանան կառչած կը մնայ բնական իր հարստութիւններուն եւ ծովային սահմաններուն իր իրաւունքին:
Նաւերով երթը կազմակերպուած էր Թրիփոլիի Ազգային երիտասարդներ կազմակերպութեան կողմէ: Այդ կազմակերպութեան անունով Ապտել Նասեր Մասրի յայտնեց, որ նաւերով երթին նպատակն է թշնամի Իսրայէլին հասցնել պատգամ մը, որ Բանակ, ժողովուրդ, «Դիմադրութիւն» հզօր եռեակը կառչած կը մնայ Լիբանանի նաւթային հարստութեան»:
Հանրապետութեան նախագահը թուիթըրեան գրառումով մը ողջունեց Թրիփոլիէն Նաքուրա նաւերով երթ մը կազմակերպող երիտասարդները, որոնք կառչած կը մնան երկրին հարստութիւններուն:
«Մեր միացեալ կեցուածքը կ՛երաշխաւորէ մեր իրաւունքներն ու հարստութիւնները, որոնք մեր նորահաս սերունդներուն սեփականութիւնն են», կը գրէ նախագահ Աուն:



