Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեկարգչական Երեսփոխանները Առաջադրեցին Նախագահական Փրկութեան Նախաձեռնութիւնը

September 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարեկարգչական երեսփոխանները շաբաթավերջին «Պէյթ Պէյրութ»-ի մէջ հրաւիրեցին մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին առաջադրեցին նախագահական փրկութեան նախաձեռնութիւնը, որ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացին:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին բարեկարգչական երեսփոխանները ճշդեցին հանրապետութեան յաջորդ նախագահին յատկանիշները, ինչպէս նաեւ նոր նախագահին ամբողջացնելիք չափանիշները:

Բարեկարգչական երեսփոխանները հաստատեցին, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը կանխելու համար պէտք է քաղաքական բոլոր ուժերը գիտակցին, որ ազգային պատասխանատուութիւն ունին ապահովելու զուտ լիբանանեան նախագահական ընտրութիւններ եւ զուտ լիբանանցի նախագահ մը, որ կը հաւատայ սահմանադրութեան ու օրէնքին եւ կը գործէ բոլոր կուսակցութիւններէն ու քաղաքական ուժերէն վեր գտնուող մակարդակի վրայ, եւ գերին չի դառնար այլ յանձնառութիւններու, իր երդումէն բացի:

Ըստ բարեկարգչականներուն, հանրապետութեան նոր նախագահը պէտք է ունենայ հետեւեալ յատկանիշները. Ա) Ըլլայ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշը, Բ) Ըլլայ անկախ` շրջանային առանցքներէն եւ միջազգային բեւեռացումներէն, եւ զգաստ` Լիբանանի արաբական պատկանելիութեան մասին, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի էական յարաբերութիւնները, Գ) Ան պէտք է հաւատայ Պաղեստինեան դատին, Դ) Ըլլայ անձ մը, որ կարողութիւն ունենայ Լիբանանի անկախութիւնը ներքին եւ արտաքին իմաստով պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ երկրին արտաքին կշիռը վերահաստատելու, Ե) Լիբանանը վերածէ քաղաքացիական պետութեան` հեռու համայնքային դրութենէն, Զ) Ան պէտք է համոզուած ըլլայ, որ տնտեսական վնասները դրամատուներուն եւ անոնց սեփականատէրերուն ու տնօրէն խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ ելեւմտական քաղաքականութենէն օգտուողներուն պատասխանատուութիւնն է, միւս կողմէ` պէտք է տէր կանգնի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն, Է) Ան պէտք է կարողութիւն ունենայ տնտեսական ապաքինման ծրագիր մշակելու, Ը) Ան պէտք է կառչած մնայ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով արդարութիւնը պարտադրելու առանցքին վերսկսումին եւ դատական հետաքննութիւնը պաշտպանէ զայն արգելակող քաղաքական միջամտութիւններէն:

Բարեկարգչական երեսփոխանները յայտնեցին, որ իրենք պիտի սկսին ժողովրդային եւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու, որպէսզի ներկայացնեն այս նախաձեռնութիւնը` Լիբանանի եւ այն երկիրներուն մէջ, ուր արտերկրի լիբանանցիներ կ՛ապրին:

Բարեկարգչական երեսփոխանները շեշտեցին, որ նախաձեռնութիւնը ուժի մէջ պիտի պահուի մինչեւ 20 հոկտեմբեր 2022, իսկ եթէ մինչեւ այդ թուականը կարելի չըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել` այդ նախաձեռնութեան ճշդած յատկանիշներուն համաձայն, ապա պիտի դիմեն ժողովրդային ճնշամիջոցներու:

Ըստ բարեկարգչական երեսփոխաններուն, երկրին մէջ փոփոխութիւնն ու բարեկարգումը կը սկսին հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեամբ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ժահժահ. «Հանրապետութեան Հզօր Նախագահ Մը Կ՛ուզենք»

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.