Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ իրենց համար յստակ դարձած է, թէ Լիբանանի դէմ ծրագիր մը գոյութիւն ունի: «Դժբախտաբար այսօր հարցը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ ո՞վ կը ստանձնէ սահմանադրական դատարկութեան եւ կամ նախագահական աթոռի թափուր վիճակին պատասխանատուութիւնը: Հանրապետութեան նախագա՞հը, որուն պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը կը հասնի իր աւարտին, թէ՞ հրաժարած կառավարութիւնը», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը հիմնովին մերժելի է` նկատել տալով, որ սահմանադրական առումով անիկա ուղղակիօրէն կապուած է հանրապետութեան նախագահի հրաժարականին կամ մահուան: «Քաղաքական ուժերուն պարտականութիւնն է համաձայնիլ անձնաւորութեան մը շուրջ, որ կը կրէ այն յատկանիշները, որոնք բազմիցս կը կրկնուին:
Իսկ խորհրդարանը թող նախաձեռնէ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` երկրին սահմանադրական ժամկէտին շրջագիծին մէջ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան հետ խաղեր կատարելը ինքնին հանրապետութեան հետ խաղեր կատարել է, «եւ պէտք է զգուշանալ այդ դուռը բանալէ», նշեց ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ մարոնի պատրիարքութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է այս գործընթացին եւ ամէն տեսակի գործընթացի, որ կապ ունի Լիբանանի ճակատագիրին հետ: «Մարոնի պատրիարքութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին վերջ տալու արկածախնդրութիւններուն եւ սակարկութիւններուն, որոնք հանրապետութեան նախագահը կը նկատեն փետուր մը` զայն ենթակայ դարձնելով քաղաքական, համայնքային եւ յարանուանական փոթորիկներու», շեշտեց ան:
Ռայի պատրիարքը դիտել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը այն հաստատուն սիւնն է, որուն վրայ հիմնուած է Լիբանանի պետութիւնը: «Եթէ այդ սիւնը չարաշահումի ենթարկուի, ապա ամբողջ կառոյցը փուլ կու գայ: Մենք տակաւին կը յուսանք, որ քաղաքական ուժերն ու երեսփոխանական պլոքները զարթօնք մը կ՛ապրին եւ կը նախաձեռնեն նախագահական ընտրութիւն կատարելու», ընդգծեց պատրիարքը:


