ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 174 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.100 լ. ոսկի է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Մայֆուքի Սայիտաթ Իլիժ մարոնի պատրիարքութեան եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած տարեկան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց կարող կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, մինչեւ 31 հոկտեմբեր կարող հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց չքաղաքականացնելու դատական իշխանութիւնները:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Մարուան Ապպուտի գրասենեակին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան բարգաւաճման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ ջուրի ընդհատումին հարցը լուծելու միջոցները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր հաստատեց, որ կառավարութիւնը կարելի պիտի ըլլայ կազմել սեպտեմբերի աւարտին կամ հոկտեմբերի սկիզբը` աւելցնելով, որ ինք վստահութեան քուէ պիտի չշնորհէ կառավարութեան, որովհետեւ անոր միակ նպատակը պիտի ըլլայ նախագահական աթոռի թափուր մնալը տնօրինել: «Կը մերժեմ վստահութեան քուէ շնորհել քաղաքական այնպիսի խաւի մը, որ միշտ նոյն սխալները կը գործէ», շեշտեց ան:


